2015-06-05 14:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Կանայի մէջ պատահած արկածի մը ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 6 յունիսին, Կանայի մէջ պատահած պենզինի կայանի պայթումի  մը հետեւանքով զոհ գացած  են աւելի քան 150 հոգիներ ինչպէս նաեւ պատճառած է անթիւ վիրաւորներ։ Այս ողբերգութեան ի լուր՝  Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Կանայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Ժոչէֆ Օզի Պոզնույին

Հեռագիրին մէջ ծիրանաւորը յայտնեց  Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ երկրի պետական իշխանութեան։ Ան ապա ապահովցուց Ֆրանչիսկսո Պապին աղօթքն ու մօտիկութիւնը զոհերու հարազատներուն  եւ վիրաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.