2015-06-05 09:03:00

Պոզնիա-Հերցեկովինայի Եկեղեցին 20րդ դարու արշալոյսին


(Ռատիօ Վատիկան) Կաթողիկէ եկեղեցին Սարայեվոյի եւ Պոսնիա-Հերցեկովինայի տարածքին իր արմատները ձգած է յետ-առաքելական ժամանակաշրջանին եւ առաջին քարոզիչները հասած են հոն Տալմաթիայի եւ Փաննոնիայի մօտակայ քաղաքներէն։

Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս

Գոթերուն, Հոներուն եւ Սլավներուն գաղթականութիւնը քրիստոնէական պաշտամունքային վայրերուն պատճառած են մեծ չափանիշի աւերներ։ Սլավներու եւ Խրուաթներու բնակութեան հաստատումէն ետք, որոնք հարաւէն կու գային կը սկսի քրիստոնէական դանդաղ ընթացք մը որ կը տեւէ դարեր։ Քարոզիչները կու գան հռոմէական եւ խրուաթական քաղաքներէն եւ Փաննոնիայէն, եւ Ս. Կիւրեղի եւ Ս. Մեթոտի աշակերտները աւետարանումի որոշակի դեր մը կը խաղան՝ սլաւակն լեզուի եւ ծէսի ընկալումով։ Այդ շրջանին՝ Թ. դարուն, մէջտեղ կու գան նախա-ռոմանական ոճի եկեղեցական կառոյցներ։

Միջնադարեան շրջանը

Տեղական եկեղեցին, որ բաւարար յարաբերութիւններ չունէր քրիստոնէական մօտակայ կենդրոններուն հետ, աստիճանաբար կը զարգացնէ իւրայատուկ նկարագրային գիծեր։ Այս տարբերութիւնները, որոնք առաւել քաղաքական քան կրօնական տարողութիւն ունէին, յառաջ կը բերէին կասկածելիներ կրօնական եւ աշխարհիկ նուիրապետութիւններէն՝ հերետիկոսութեան մեղադրանքով, որուն կը հետեւին դատեր եւ զինուորական արարքներ, որոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին տեղական Եկեղեցւոյ բաժանման մէջ՝ Լատին Եկեղեցւոյ եւ Պոզնիաք Քրիստոնեաներու միջեւ՝ եպիսկոպոսի մը առաջնորդութեամբ, կոչուած՝ “Ճէտ”։

Այս երկուութիւնը երկրի եկեղեցւոյ ապագային համար եղած է օրհասական։ “Պոցնիաք Եկեղեցին” կը միանայ այլադաւան շարժումներու հետ, որոնք գոյութիւն ունէին երկրի տարածքին եւ մօտիկութիւն կը ցուցաբերէ Պոսնիայի արքաներուն, անոնց ազգային անկախութեան բերած նպաստին համար, մինչ Լատին Եկեղեցին միշտ կը նկատուի իբր բարեփոխուած արեւմտեան եկեղեցի մը։ Ապա “Պոցնիաք Քրիստոնեաներու” վրայ գործադրուած ճնշումներուն եւ Թաթարներու կատարած աւերներուն (1242) հետեւանքով, լատին եպիսկոպոսը կը լքէ Պոսնիան եւ կը հաստատուի Սլավոնիա՝ Ճաքովօ քաղաքին մէջ։ Տոմինիկեան եւ աւելի ուշ Փրանկիսկեան կրօնաւորներու ժամանումով (1291)՝ կ՛ամբողջացուի հովուական ծառայութեան այս բացը։ Ասսիզիի աղքատ Սուրբին աշակերտները կը յաջողին սիրաշահիլ կառավարիչներու սրտերը եւ իրենց շուրջ հաւաքել կաթողիկէ հաւատացեալները, ապա շատ մը “Պոզնիաք Քրիստոնեաներ” դարձնելով կաթողիկէութեան։ ԺԵ. դարուն տեղական եկեղեցին կը զարգանայ այն աստիճանի, որ կարիքը կը տեսնուի նոր թեմի մը կազմութեան, Վիսոքօ քաղաքին մէջ, կարենալ պատասխանելու համար պահանջքներուն։ Սակայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ծաղկումի այս ընթացքը կը խանգարուի Օսմանցիներու ասպատակումներէն եւ ապա տիրապետութենէն (1463)

Օսմանեան Տիրապետութիւն (1463-1878)

Թրքական տիրապետութիւնը իր կրօնական, ցեղային, քաղաքական եւ ընկերային հետքերը թողած է երկրի կառոյցին վրայ։ Հակառակ Մէհմէտ Բ. Սուլթանի հրամանագիրին, որ մասնակի հովանաւորութիւն մը կ’ապահովէր ի նպաստ Փրանկիսկեաններուն եւ անոնց վստահուած հաւատացեալներուն, այս ճանաչումը չէր երաշխաւորէր ապահովութիւն եւ հաւասարութիւն քրիստոնեաներուն։ Ասոր հետեւանքով կը սկսի զանգուածային արտագաղթ մը Պոզնիայէն՝ դէպի Խրուաթիա, Աւստրիա եւ Հունգարիա, մինչ այլ հաւատացեալներ կ՛ընդունէին իսլամական կրօնքը։ Թուրքերը՝ լքուած տարածաշրջանները կը բնակեցնեն ուղղափառ հաւատացեալներով, այսպէսով հիմը դնելով արդի Պոսնիայի ժողովրդագրական կազմին։ Եպիսկոպոսի նստավայրը՝ Վռպոսնա, կ՛անուանուի “Սարայեվօ” (օսմաներէն “սարայ” բառի հետեւողութեամբ)։ ԺԵ. դարու վերջաւորութեան, մայր տաճարի աւերակներուն վրայ կը կառուցուի մզկիթ մը։

1600 թուականին, Պալիչեւիչ եպիսկոպոսը՝ Սարայեվօ կատարած հովուական այցելութեան առիթով, կը գտնէ միայն 200 կաթողիկէ ընտանիքներ եւ միայն մէկ ժողովրդապետական եկեղեցի եւ մէկ ժողովրդապետ։ 1656ին՝ այդ եկեղեցին զոհ կը դառնայ հրդեհի մը եւ կը վերակառուցումի։ 1672ին կաթողիկէ ընտանիքներու թիւը կը հասին 100ի։ Պոսնիան՝ կաթողիկէ եպիսկոպոսին համար կը դառնայ անմատչելի, եւ Սուրբ Աթոռը 1735ին Առաքելական Փոխանորդ մը կ’անուանէ։ 1768ին Փրանկիսկեանները կը վերադառնան Պոզնիա, որուն հետեւանքով կաթողիկէներու թիւը կը սկսի աճիլ։ 1850ին՝ Սարայեվոն կը հռչակուի Պոզնիայի մայրաքաղաք եւ եպիսկոպոսը իր նիստը հոն կը հաստատէ 1879ին։

Աւստրիական Վարչութիւն (1878-1918)

Օսմանեան բռնութեան վերացումէն ետք, Պոսնիան՝ Վիեննայի մէջ գումարուած Եւրոպական Ազգերու Համաժողովին կողմէ Աւստրիոյ կը յանձնուի։ Աւստրիոյ տիրապետութեան շրջանին կաթողիկէներուն համար կը ստեղծուին աւելի բարենպաստ պայմաններ։ Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետը 5 յուլիս 1881ին կը հրատարակէ “Ex hac Augusta” հրովարտակը, ստեղծելով եկեղեցական նոր գաւառը՝ Պոսնիա-Հերցեկովինայի տարածքին, Վռպոսնա/Սարայեվօ հաստատելով իբր Արքեպիսկոպոսի նստավայր, եւ անոր ենթակայ թեմերը՝ Պանիա Լուքա եւ Մոսթար։

Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջանկեալ ժամանակաշրջանը (1918-1941)

Համաշխարհային առաջին պատերազմը վերջ կը դնէ աւստրիական վարչութեան, եւ տարածաշրջանը մաս կը կազմէ “Հարաւսլաւական” ժողովուրդի, կոչուած՝ Եուկոսլաւիայի Թագաւորութիւն։ Պոզնիայ-

Հերցեկովինայի կաթողիկէ համայնքը, ըլլալով փոքրամասնութիւն մը, կը ծաւալէ նոր գործունէութիւններ դաստիարակութեան մարզէն ներս (կաթողիկէ մամուլ, դպրոցներ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ)։

Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմէն ետք

Իշխող ընկերային նոր կառոյցը կը բերէ բաժանում Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Եկեղեցին կը հրաժարի իւրայատուկ ընկերային գործունէութենէ, եւ կաթողիկէ դպրոցներ, դաստիարակչական եւ մարդասիրական հաստատութիւններ կը յանձնուին պետութեան։ 1966ին Հարաւսլաւիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ կը կնքուի Դիւանագիտական Համաձայնագիր մը, որ կը հաստատէր դիւանագիտական յարաբերութիւնները երկու պետութիւններու միջեւ եւ տեղւոյն արքեպիսկոպոսին աւելի ճկունութիւն կ՛ընձեռէր տեղական իշխանութիւններու հետ կայացած յարաբերութեան մէջ։ Ասոր հետեւանքով 1969ին կը վերսկսի աստուածաբանական կղերանոցը եւ կը կատարուի աստուածաբանական դպրոցի մը հիմնարկութիւնը՝ 1975ին։

Հակամարտութիւնները (1991-1995)

Պոսնիա-Հերցեկովինա եւ յատկապէս Սարայեվօ քաղաքը մեծ տուրք վճարած են։ Մայրաքաղաքին մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը 530.000էն իջած է 125.000ի, փրանկիսկեան երեք Հայրեր սպաննուած են, կատարուած են նիւթական մեծ վնասներ։ Հետեւանքը հետեւեալն է՝ 99 քանդուած եկեղեցիներ, 127 վնասուած. 6 վանքեր քանդուած, 21՝ վնասուած. 23 ժողովրդական կենդրոններ քանդուած, 60՝ վնասուած։ Կաթողիկէներու թիւը, որոնք ստիպողականութեան տակ լքած են իրենց տուները, կը հասնի 450.000ի. մայրապետ մը եւ 9 քահանաներ սպաննուած են։ Աչքառու դէպքերէն մին է Նեճարիչի Աստուածաբանական Կղերանոցի վերաբացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.