2015-06-05 10:27:00

Նախագահ Ասատ հանդիպեցաւ Հայկական պատուիրակութեան հետ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 4 Յունիսին ընդունած է Հայաստան–Սուրիա բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի պատուիրակութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

Նախագահ Ասատ նշած է, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու վտանգները նոյնն են՝ նշելով, որ 100 տարի առաջ հայերու ջարդերը կազմակերպած օսմանցիները այսօր մարմնաւորուած են Էրտողանով եւ անոր կառավարութեամբ, որոնք կը շարունակեն օգտագործել նոյն գործիքները, որոնց գլխաւորը ահաբեկչութիւնը՝ ընդդէմ սուրիացի ժողովուրդին։

Ըստ «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութեան՝ հանդիպումին ընթացքին հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Տաճատ Վարդապետեան հաստատած է, որ հայ ժողովուրդը Սուրիոյ ժողովուրդին կողքին է այս անարդար պատերազմին ընթացքին, որուն կ՛ենթարկուի Սուրիա ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ՝ դիտել տալով, որ արդէն իսկ յստակ է, թէ որոնք նեցուկ կը կանգնին վերջիններուն։ Ան վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Սուրիա պիտի կարենայ դուրս գալ այս պատերազմէն՝ յաղթելով ահաբեկչութեան եւ անոր աջակցողներուն։

Նախագահ Ասատ յայտնած է, որ իրենց ժողովուրդներուն կողմէ ընտրուած խորհրդարանները այսօր կոչուած են ազդու կերպով գործելու՝ ճնշում բանեցնելու համար միջազգային հանրութեան վրայ, որպէսզի վերջինը արդիւնաւէտ կերպով հակաահաբեկչական քաղաքականութիւն մշակէ, եւ ատիկա ո՛չ միայն յանուն սուրիացի ժողովուրդին, այլ նաեւ տարածաշրջանի ու աշխարհի ժողովուրդներուն, քանի որ ահաբեկչութիւնը սահման չի ճանչնար եւ կարելի չէ զայն սահմանափակել մէկ երկրի մէջ միայն։

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման՝ ամրապնդելու երկու բարեկամ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերը։

 

Հանդիպումին ներկայ եղած են Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Հայ-սուրիական բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի ղեկավար Պութրոս Մարժանա։








All the contents on this site are copyrighted ©.