2015-06-05 08:31:00

Կարդինալ Սքոլա կ՛ այցելէ Լիբանանը եւ Իրաքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով Լիբանանի Մարոնիներու պատրիարք կարդինալ Պեշարա Ռայի եւ Իրաքի Քաղդէացիներու պատրիարք` Լուիս Սաքոյի զոյգ հրաւէրներուն, Միլանոյի առաջնորդ` կարդինալ Սքոլա, յառաջիկայ 16էն 20 Յունիս 2015, պիտի մեկնի  նախ Լիբանան ու ապա Իրաք։ Լուրը կը հաղորդագրէ Միլանօ թեմի ընկերային հաղորդակցութեան գրասենեակը։

Լրբաբանի մէջ, կարդինալ Սքոլա զեկոյց մը պիտի ունենայ Մարոնիներու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսական հայրերու առջեւ Ընտանիքի նիւթին մասին։ Մինչ Իրաքի մէջ` 19 Յունիսին նախ պիտի այցելէ Էրպիլ քաղաքը ի նշան զօրակցութեան հալածուած եւ արտահան եղած քրիստոնեաներուն ու ապա կ՛անցնի Պաղտատ պաշտօնական հանդիպումներ ունենալով եկեղեցական ու պետական անձնաւորութիւններուն հետ։

Յայտնենք թէ Կարդինալ Սքոլան` Միլանոյի Քարիթասի հետ միասին արտակարգ դրամահաւաքի կոչ ուղղած է օգնութեան հասնելու գաղթական հազարաւոր  ընտանիքներու անմիջական կարիքներուն, որոնք ապաստան գտան Էպրիլ` մայրաքաղաքը իրաքեան Քիւրտեստանի։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.