2015-06-04 09:50:00

Յովիկ Աբրահամեան հանդիպած է Պրահայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տոմինիք Տուքայի հետ


Յունիս 3-ին` Չեխիա կատարած պաշտօնական այցի վերջին օրը,  Պրահայի արքեպիսկոպոսարանին մէջ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպած է Պրահայի արքեպիսկոպոս  Կարդինալ Տոմինիք Տուքայի հետ:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ Կառավարութենէն` շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու խորացումը  եւ այս ծիրէն ներս կարեւորած է  Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ չեխ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը:

Վարչապետը  շնորհակալութիւն յայտնած է, որ չեխ Կաթողիկէ եկեղեցին Պրահայի կենտրոնին մէջ գտնուող Սուրբ Եիլիի  տաճարը կը տրամադրէ հայկական ժամերգութիւններու եւ պատարագներու իրականացման համար եւ  իր երախտագիտութիւնը յայտնած է  Կարդինալին Չեխիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին եւ Ցեղասպանութեան 100–րդ տարելիցի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ցուցաբերած անոր աջակցութեան համար:

Ողջունելով Յովիկ Աբրահամեանին` Կարդինալ Տուքան բարձր գնահատած է  Հայաստանի վարչապետին պաշտօնական այցը Չեխիոյ Հանրապետութիւն եւ  կարեւորած է զայն հայ-չեխական բարեկամութեան ամրապնդման եւ խորացման պարունակին մէջ: Անոր խօսքով` մեծ պատիւ է ընդունիլ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն առաջինը ընդունած եւ աշխարհի ամենահին ազգերէն մէկուն ներկայացուցիչները եւ  անգնահատելի համարել հայ ժողովուրդի ներդրումը համաշխարհային հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան մէջ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են այլ հարցեր եւս, անդրադարձած են տարածաշրջանային խնդիրներուն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.