2015-06-03 11:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց '' խաղաղութեան ջահը''


Չորեքշաբթի, 3 յունիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ շնորհած հրապարակային ունկդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց  հրապարակի վրայ գտնուող բազմաթիւ ազգերու պատկանող հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով, Իտալիոյ՝ Մաչէրաթա մարզէն ժամանող երիտասարդ մարզիկներուն,  որոնք իրենց թեմի առաջնորդ եպիսկոպոսի գերապայծառ Նազզարէնօ Մարքոնիի ընկերակցութեամբ՝  իրենց հետ բերած են ''խաղաղութեան ջահը'' որ ապա պիտի ծառայէ յառաջիկայ վեց յունիսին նախատեսուած Լորէթօ – Մազերաթա 37-րդ հետիոտն ուխտագնացութեան։

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան հայրը մաղթանք յայտնեց, որ երիտասարդներուն՝ Յաւիտենական քաղաքի կատարած այցելութիւնը 

յարուցանէ՝  վերանորոգուած յանձնառում,  խաղաղութեան եւ զօրակցութեան ի սպաս՝ կարիքաւորներուն հանդէպ,  ապա օրհնեց երիտասարդներուն կրած ջահերը ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ  հրապարակին վրայ գտնուող ''Whirpool'' ընկերութեան աշխատաւորները, որոնք վերջերս  նիւթական տագնապի պատճառաւ, գործազրկութեան մատնուած են։ Ֆրանչիսկսո Պապ այս առընչութեամբ մաղթանք յայտնեց որ կարճ ժամանակամիջոցին լուծուին գործազուրկ եղող աշխատաւորներուն հարցը ինչպէս նաեւ յարգուի անոնց մարդկային իրաւունքները։

Նորին Սրբութիւնը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց  երիտասարդներուն հիւանդներուն, եւ նորապսակեալներուն վերյիշելով, թէ Յունիս ամիսը նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտին պաշտամունքին ու յորդորելով Անորմէ սորվիլ սէրը եւ մաղթելով որ Ան թիկունք կանգնի տառապանքին եւ ընտանեկան կեանքի ուղեւորութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.