2015-06-03 12:50:00

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Միշտ աւելիին ձգտելու մարդկային փափաքը, ներքին բնական մղում մըն է, որուն չի՛ կրնար դիմադրել մարդը յաճախ: Սա դրական երեւոյթ մը կը նկատուի, այնքան ատեն որ չափազանցութեան սահմանները չ՛ասպատակեր: Աւելիին ձգտելու դրական ընթացք մըն է, օրինակ, ուսման մէջ յարատեւելը եւ գիտութեան լոյսին աւելի բացուիլը: Դարձեալ, աւելիին ձգտելու դրական ընթացք մըն է Աստուածագիտութեան լոյսին աւելիով բացուիլը եւ հոգեւորապէս աճիլը Աստուծոյ անդաստանին մէջ:
Լաւ պիտի ըլլար, եթէ բաժանման յստակ գիծ մը դնէինք «աւելիին ձգտիլ», եւ «աւելին ունենալ» արտայայտութիւններուն միջեւ՝ առաջինը վերապահելով իմացական հարստութիւն ձեռք ձգելուն, իսկ երկրորդը՝ նիւթական: Երկուքն ալ աւելին կը ցանկան, սակայն մին դրական ընթացքով, իսկ միւսը՝ ժխտական ուղղուածութեամբ:
Երկու պարագաներուն հասարակաց երեւոյթը այն է, որ մարդիկ իրենց եղածով բաւարարուելու դժուարութեան առջեւ կը գտնուին:

Յոյսը, որ մարդու կեանքէն աւելի երկարակեաց է, թոյլ չի՛ տար որ մարդ «բաւարար է» ըսէ ինք իրեն, ու ընդունի այն, ինչ որ է, եւ այն, ինչ որ ունի:

Յո՛յսն է, որ կը խթանէ մարդուն «Եսը»՝ աւելի՛ն ունենալու առաջարկներ կատարելով, կամ աւելի բարձր բարձրանալու մխթելով մարդը:
Յոյսը այս պարագային չէզոք ու անկողմնակալ մխթիչ մըն է պարզապէս, որուն ընդառաջ գացող մարդուն կը պատկանի ազատ կամքը, զայն դէպի դրական կամ դէպի ժխտական կողմ առաջնորդելը:
Դրական թէ ժխտական կողմնորոշման մէջ ալ, մարդուն մօտ կը նշմարուի դժգոհութիւն մը:

Դժգոհութիւնը ինքնին կրնայ ժխտական իմաստ տալ անկասկած, սակայն անիկա եւս ունի իր դրական տեսակը:

Այսպէս օրինակ, ուսուցիչը կրնայ դժգոհ ըլլալ իր աշակերտին ձեռք բերած արդիւնքէն, ինչպէս նաեւ անոր ծնողքը կրնայ նոյն զգացումը ունենալ:

Կարգ մը պարագաներու, տիպար աշակերտներ ալ, որոնք կացութեանց բերումով ձախողած կ՛ըլլան, կրնան դժգոհ ըլլալ իրենց ձախորդութենէն: Անոնց պարագային, զգացուող դժգոհութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ աւելիին ձգտին ու բնաւ չդադրին ջանք թափելէ՝ սրբագրելու համար իրենց գործած սխալը: Բարոյական բարձր գիտակցութիւն մը կ՛ենթադրէ այս, որուն համար միշտ գնահատանք կը ստանան նման գիտակից անձեր, նոյնիսկ եթէ խոնարհ խաւի պատկանողներ ըլլան:
Դժգոհութեան երկրորդ՝ ժխտական տեսակը, իր վիճակէն դժգոհ մարդուն ցաւալի կացութիւնն է: Ընտանեկան, ընկերային հարցեր եւ կեանքի այլ դժուարութիւններ, երբեմն ընտանեկան սահմաններէ ներս ծագած վէճեր ու այլ անհամաձայնութիւններ պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ զզուին իրենց շրջապատէն ու տարբեր վիճակներ փնտռեն: Մինչդեռ, եթէ լաւապէս նային իրենց կացութեան, պիտի անդրադառնան, որ լաւագոյն վիճակն է այն որ ունին, եւ աւելին ձեռք ձգելը ոչինչ պիտի աւելցնէ իրենց փայլին վրայ:
Ահա պատմութիւն մը, որ մեծապէս դաստիարակիչ է ու թելադրական։
Լերան մը ծերպին իր տոկուն մուրճով քար կոփող մարդ մը, իր աշխատանքի ամէնէն դժուարին մէկ պահուն մուրճը գետին խփելով յանկարծ դժգոհեցաւ, ու բողոքեց ըսելով, թէ ի՜նչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ինք ալ ուրիշներու նման փափուկ անկողինի մը մէջ փռուէր, ու հանգիստ կեանք մը ապրելով դիւրաւ վաստկէր իր օրապահիկը: Նոյն պահուն հուրի-փերի մը կը յայտնուի, ու իր փափաքին համաձայն, յանկարծ կը տեսնէ, որ մետաքսեայ թելերով հիւսուած փետրաշունչ անկողինի մը մէջ է: Մարդը ուրախ ու զուարթ, երբ փռուած էր իր հանգստաւէտ անկողինին մէջ, յանկարծ արեւուն ճառագայթները եկան, ու սենեակէն ներս մտնելով սկսան իրենց ջերմութեամբ այրել իր նոր անկողինին փափկութիւնը վայելող մեր քարակոփը: Մարդը այրուածքէն դժգոհ մնալով՝ ինք իրեն մտածեց ըսելով, թէ արեւ ըլլալը աւելի լաւ վիճակ մըն է, որովհետեւ ինք կ՛այրէ ուրիշները, սակայն ինք անձնապէս չ՛այրիր: Հուրի-փերին այդ խնդրանքն ալ կը կատարէ, ու նախկին քարակոփը երկնակամարի «լուսատու մեծ ջահը» կը դառնայ…:

Մարդը չգոհանալով այս վիճակէն ալ խնդրեց այլ վիճակներ մինչեւ հասաւ ժայռ ըլլալու փափաքին…
Խնդրակատար հուրի-փերին իր այդ խնդրանքն ալ կատարեց, եւ քարակոփը դարձաւ հսկայ ժայռ մը…:

Լերան մը վեհութեամբ իր շրջակայքը դիտող ժայռը, արդէն սկսեր էր իր բարձունքէն նայիլ ստորոտի մանրուք քարերուն ու աւազի աննշան հատիկներուն, երբ յանկարծ յայտնուեցաւ մարդ մը, որ ձեռքին ունենալով փոքրիկ մուրճ մը, սկսաւ հարուածներ տալ ամրակուռ ժայռի ոտքերուն, ու քարեր փրցնել անկէ՝ սալայատակ պատրաստելու համար:
Աւելի մեծ ցաւ չէր կրնար զգալ նախկին քարակոփը, անդրադառնալով իր կատարած մե՜ծ սխալին: Ինք ալ այդ քարակոփին նման մուրճի հարուածներ կու տար ժայռերուն եւ իր բազուկին զօրութեամբ մասնիկներ կը վերցնէր անոնցմէ: Ան մտածեց, թէ ի՞նչ օգտուեցաւ արեւ ու ամպ դառնալէն: Այո՛ փայլեցաւ, այրեց, վառեց, խորովեց, սակայն ամպին մէգն ու խոնաւութիւնը յաղթեց իրեն, ինչպէս մարդոց կատաղի ճառագայթարձակումներուն դիմաց կը յայտնուի ուրիշներու սառնասրտութիւնն ու հանդարտ պաղարիւնութիւնը: Ան մտածեց, թէ ի՞նչ բարիք բերաւ իրեն մանաւանդ կոշտ ու կոպիտ ժայռ դառնալը, անկիւն մը մնացած, երբեմն իր բարձրութեան մէջ մինակ, մինչ անցեալին, իր ճակտի քրտինքով ինչպիսի՜ լաւ աշխատանք կը կատարէր, մինչեւ իսկ արուեստի գործեր քանդակելով քարերուն վրայ, շունչ տալով անկենդան ապառաժներուն…: Ու զղջացած իր անմտութեան հետեւանքով պատահած իր վիճակի փոփոխութեան համար՝ հուրի-փերիին աղաչեց ու վերադարձաւ իր նախկին կեանքին՝ քարակոփի ասպարէզին:
Դժգո՞հ ես կեանքէդ, նայէ՛ դրական կողմերուն, եւ՝  «բաւարարուած պիտի զգաս…»:








All the contents on this site are copyrighted ©.