2015-06-02 11:56:00

Ֆրաչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը ուղղուած Սարայեւոյի այցելութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 2 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Սարայէւոյի հաւատացեալներուն՝ առ ի պատրաստութիւն շաբաթ` 6 յունիսին իր՝ քաղաքին կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին սկիզբը յայտնեց  թէ ''մի քանի օրեր կը պակսին ճանապարհորդութեան որ զիս պիտի առաջնորդէ Սարայեւօ` ձեր մէջ'' ու այս մէկը ''Ինծի՝ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ''։

՝՝Աստուծոյ օգնութեամբ ձեր մօտ կու գամ, հաստատելու համար կաթողիկէները իրենց հաւատքին մէջ, աջակցելու համամիութենական եւ միջկրօնային երկխօսութեան ու յատկապէս քաջալերելու համար ձեր երկրին մէջ խաղաղ համակեցութիւնը ։

Կը հրաւիրեմ ձեզ միանալու իմ աղօթքներուս , որպէսզի սոյն առաքելական ճամբորդութիւնս կարենայ արտադրել յուսադրուած պտուղներ քրիստոնէական հասարակութեան եւ համայն ընկերութեան համար։

՝՝Խաղաղութիւնս ձեզի''։ Այս է  իմ այցելութեանս կարգախօսը։ Այս բառերով է որ Յարուցեալ Յիսուսը ողջունեց իր աշակերտները երբ Անոնց յայտնուեցաւ վերնատան մէջ՝ Զատկուայ երեկոյեան։  Տէրն է մեր ուժն ու յոյսը, որ խաղաղութիւնը կը պարգեւէ մեզի,  որպէսզի մենք մեր կարգին ընկալենք  զայն մեր սրտերուն մէջ եւ զայն տարածենք խաղաղութեամբ եւ սիրով։

Կը պատրաստուիմ ձեր մօտ գալու որպէս խաղաղութեան  պատգամաւոր եղբայր մը, արտայայտելու համար ձեզի բոլորի,  իմ գնահատանքս եւ բարեկամութիւնս։

Կ՝ուզեմ,  իւրաքանչիւր անձի , ընտանիքի եւ իւրաքանչիւր հասարակութեան հռչակել Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու քնքշութիւնը ։

Պոզնիայի եւ Հերցեկովինայի Սիրելի  եղբայրներ եւ քոյրեր – ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը, բոլորիդ կ՝ապահովեմ իմ գուրգուրանքս եւ  հոգեւոր զօրեղ մօտիկութիւնս ։

Կը քաջալերեմ ձեզ կաթողիկէներդ՝ մօտիկ ըլլալու ձեր քաղաքացիներուն որպէս Աստուծոյ՝ հաւատքի եւ սիրոյ վկաներ, գործելով ընկերութեան մը համար որ կ՝ուղղուի դէպի խաղաղութիւն՝ համակեցութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան միջոցաւ։

Մինչ կը սպասեմ ձեր հետ հանդիպիլ, Սարայէւոյի եւ բովանդակ երկրին վրայ կը հայցեմ Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Տիրամօր մայրական  հովանին։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը աւարտելով իր լսատեսողական պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.