2015-06-02 09:07:00

Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը Զմմառու Վանքին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հոգեգալուստի այս սրբալոյս օրերուն՝ անհուն ուրախութեամբ և խոր հրճուանքով Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը հաւատացեալ ժողովուրդին կը ծանուցանէ թէ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը, որ Փորթուկալէն ժամանակաւորապէս Լիբանան պիտի փոխադրուի, հանդիսաւորապէս Զմմառու վանք պիտի այցելէ` Երկուշաբթի 15 Յունիս 2015-ին:

Տիրամայր Ֆաթիմայի բարեխօսութիւնը այժմու դժուարին ժամանակներուն, թող Միջին Արեւելքին պարգեւէ խաղաղութիւն և անդորրութիւն ի փառս Աստուծոյ և ի պայծառութիւն Եկեղեցւոյս և յօգուտ հաւատացելոց:

Յայտնենք թէ Ֆաթիմայի մէջ  (Փորթուկալ) Տիրամայրը առաջին անգամ երեւցաւ երեք փոքր հովիւներուն՝ ֆրանչեսքօ, Ճիաչինթա եւ Լուչիային, 13 մայիս 1917-ին' (98 տարիներ առաջ) մինչ անոնք իրենց ոչխարները կ՝արածէին ֆաթիմա գիւղաքաղաքի՝ Գոնգա տի Իրիա կոչուած վայրը։

Երեւումներու ընթացքին Տիրամայրը անոնց կը յայտնէ եւ կը խօսի տեղի ունենալիք դէպքերուն մասին. թէ մօտ ատենէն վերջ պիտի գտնէր Առաջին Աշխարհամարտը, եւ եթէ մարդիկ չապաշխարեն, Բ. համաշխարհային պատերազմ մը տեղի պիտի ունենայ, որը աւելի կործանիչ պիտի ըլլայ...


1930-ին՝ կաթողիկէ եկեղեցին ճանչցաւ այդ երեւումներուն գերբնականութիւնը արտօնելով անոր պաշտամունքը։ ֆաթիմայի մէջ Տիրամօր համար սրբավայր մը կառուցուեցաւ, եւ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը եղաւ առաջին Քահանայապետը որ այցելեց սոյն սրբավայրը 13 մայիս 1967-ին։ Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետը եւս, որ յատուկէն ապաւինած էր Տիրամօր, բազում անգմաներ այցելեց Սրբավայրը։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը եւս մեծարեց ֆաթիմայի Տիրամայրը այցելելով սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.