2015-06-01 09:04:00

Ս. Աստուածածնի նուիրուած Մայիս ամսուայ Ուխտի Օրը:


Կազմակերպութեամբ Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդին, Կիրակի 31 Մայիս 2015-ին, մեծ հանդիսութեամբ տօնախմբուեցաւ Ս. Աստուածածնի նուիրուած Մայիս ամսուայ աւանդական Ուխտի Օրը: Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կաթողիկէ բոլոր Ժողովրդապետութիւնները, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպ և Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտները և ՀԿՄ Պատանեկան Միութիւնը: Զմմառու վանքի Ուխտի Օրուան առթիւ՝ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցանեց ու քարոզեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս – Պատրիարքը, ի ներկայութեան Պէյրութի Թեմի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ և Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեանի, Արհիապատիւ եպիսկոպոսներու, Գերյարգելի և Գերապատիւ Հայրերու և Արժանապատիւ քահանաներու, ինչպէս նաեւ պետական և պաշտօնական անձնաւորութիւններու և հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի: Ամեն. Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ ուխտի խորհուրդին, ըսելով. «Տիրամայրը համայն քրիստոնէութեան մայրն է, ան սրբութեան խորհրդանիշն է: Մենք այսօր Զմմառու վանքի հովանիին ներքեւ աղօթք բարձրացնենք Տիրամօր, որ բարեխօսէ մեզ համար, հեռու պահէ մեզ կեանքի փորձութիւններէն, խաղաղութիւն շնորհէ Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներուն, սգաւորներուն մխիթարութիւն պարգեւէ և հիւանդներուն բժշկութիւն: Ուխտի այս օրով՝ ոգեւորուինք նոր յոյսով, նոր հաւատքով»: Սուրբ և Անմահ Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրն ու Վարչութիւնը շնորհաւորանքները ընդունեցան վանքի դահլիճը, որուն յաջորդեց միաբանական ագապին, մասնակցութեամբ դպրեվանքի «Ս. Միքայէլ և Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու ուսանողութեան և «Արծիւեան» երգչախումբի անդամներուն: Յետմիջօրէին՝ ժամը 3:00-ին, կատարուեցաւ Վարդարանի աղօթքը, Զմմառու վանքի բացօթեայ խորանին առջեւ: Նոյն օրը բացումը կատարուեցաւ վանքի մուտքին գտնուող զբօսայգիին, որ բաց պիտի մնայ մինչեւ Սեպտեմբեր ամիս, ամէն օր երեկոյեան ժամը 6-էն մինչեւ գիշերուայ ժամը 10-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.