2015-06-01 09:27:00

Միշել Սլէյման ընդունեց Պապական Պատուիրակ Կարդինալ Մամպերթին


Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կիրակի 31 մայիսին Ամշիթի մէջ ընդունեց պապական պատուիրակ` Վատիկանի Առաքելական Դատարանի կառավարիչ կարդինալ Տոմինիք Մամպերթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս թափուր մնացած նախագահական աթոռին հարցը:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիել Քաչիա:

Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման շեշտեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելու քայլը բոլոր լիբանանցիներուն վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Ան ընդգծեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի գոյատեւելու Լիբանանի մէջ ստեղծուած նախընթացը վտանգաւոր է եւ իր ապառողջ ու անտրամաբանական անդրադարձը պիտի ունենայ երկրին վրայ` աւելցնելով, որ այդ կացութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ մերժելի է:

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց Վատիկանի ունեցած դրական դերակատարութիւնը` Լիբանանի սահմանադրութիւնը յարգելու, նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու իրականութիւնը պահպանելու իմաստով:

Սլէյման կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանեան բանակին վրայ բանեցուած ճնշումին եւ առիթ տալու, որ ան ազատօրէն գործէ քաղաքական եւ զինուորական իր ղեկավարութեան հրահանգներով:

Ան խստիւ դատապարտեց վերջերս Սէուտական Արաբիոյ մզկիթները հարուածած ահաբեկչական արարքները եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին զօրաւոր հարուած մը տալու Միջին Արեւելքին սպառնացող ահաբեկչութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.