2015-06-01 12:33:00

''Ձախողութեան մէջ է որ կը յայտնուի Աստուծոյ սիրոյ յաղթանակը'' Ֆրանչիսկոս Պապը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի Յունիս մէկին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ Աստուծոյ մարդուն հանդէպ սիրոյն յաղթանակը կը բացայայտուի Անոր Որդոյն Խաչի ''ձախողութեան'' մէջ։

Աստուած կը կառուցէ տկարութեան վրայ, եւ եթէ մէկը կարդայ Աստուծոյ` իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած սիրոյն պատմութեան էջերը, կը կարծէ թէ ''ձախողութեան պատմութիւն մըն է'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, ակնարկելով ոճրագործ այգեպաններու առակին։

Կայ հողատէր մը որ գեղեցիկ այգի մը տնկեց եւ կան այգեպաններ որոնք կը սպանեն բոլոր անոնք որ հողատէրին անունով կու գան իրենց մօտ։ Նոյնիսկ անոր զաւակը կ՛անտեսուի եւ կը դատապարտուի ու ապա կը սպաննուի։ Սիրոյ երազանքով սկսած այս դրուագը վերջ կը գտնէ ձախողութեամբ։ Սակայն ձախողութեան տրամաբանութիւնը կը փոխուի որովհետեւ ''քարը որ կառուցողները մերժեցին եղաւ անկիւնաքար'' ու այս մէկը Տէրը կ՛ընէ մեզի համար, որովհետեւ մեր փրկութեան ճանապարհը ձախողութիւններու ճանապարհ է, նոյնիսկ վերջին հանգրուանը խաչը` գայթակղութիւն է։

Սակայն ճիշտ ատոր մէջն է որ սէրը կը յաղթէ` Յիսուսին Խաչը որ սիրոյ արտայայտութիւնն է։ Այդ խաչին մէջ է որ կը յայտնուի Աստուծոյ իր ժողովուրդին հանդէպ ունեցած սէրը ։

Վերյիշենք այս մէկը, լաւ է վերյիշել այդ սիրոյ պատմութիւնը որ ձախողութիւն համարուած է,  սակայն վերջաւորութեան յաղթական է։  Այդ սիրոյ սերմը որ Աստուած սերմանեց մեր մէջ որպէսզի մեքն ալ կատարենք այն ինչ որ Յիսուս ըրաւ մեր անունով` խոնարհեցաւ - ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.