2015-06-01 11:13:00

l’Œuvre d’Orient հաստատութեան տարեկան Սուրբ Պատարագ


Ոչնչութիւն ենք առանց Յիսուսի Սուրբ Երկրի Աւետիսին

(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 31 մայիսին, l’Œuvre d’Orient Միջին Արեւելքի ի սպաս բարեսիրական հաստատութեան   տարեկան Սուրբ Պատարագի առթիւ,  Փարիզի Նոթր Տամ տաճարիn մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի մատուցեց Հանդիսաւոր Սուրբ եւ անմահ Պատարագ ի ներկայութեան բազմահազար հաւատացեալներուն։

Այս առթիւ Ծիրանաւորին  արտասանած քարոզին առանցքը եղաւ  Սուրբ Երկիրը, ուր   յատուկ ժամանակի եւ  վայրի մէջ յայտնաբերուած է Աստուծոյ գործունէութիւնը Մարդու Փրկութեան ի սպաս ։

Կարդինալը Քարոզին մէջ  անդրադարձաւ  1856-ին հիմնադրուած  բարեսիրական հաստատութեան հիմնադիրին կէտնպատակին, որ է` օգնութեան հասնիլ  Սուրբ երկրին մէջ՝ Քրիստոնէութեան ծագումէն ի վեր   բնակչութիւն հաստատող Քրիստոնեաներուն, որոնք մինչեւ այսօր կը դիմագրաւեն անթիւ դժուարութիւններ։ Ան ապա ընդգծեց թէ ոչնչութիւն պիտի ըլլայինք եթէ՝  սուրբ երկրէն ստացած  չըլլայինք Յիսուսի  բարի Աւետիսը։

Սուրբ երկրէն յառաջացած  քրիստոնեաներու վկայութիւնները քաջութիւն կը  ներշնչեն  դաւանելու համար  մեր հաւատքն ու պաշտպանելու մարդու իրաւունքները սաղմէն մինչեւ բնականան մահը ըսաւ Կարդինալը երախտագիտութեամբ նշելով  l’Œuvre d’Orient բարեսիրական հաստատութեան՝ 400 դպրոցնեու եւ  աւելի քան 3 միլիոն աղքատներուն ի նպաստ օժանդակութիւնները։

Ան ապա քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրամօրմէն՝  իր Զաւկին խաղաղութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ համար եւ լիակատար հաշտութիւն Հայ, Ասորի-քաղդէացի ժողովուրդներուն որոնք կ՛ոգեկոչեն Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակը։

Օգնէ մեզի Մարիամ ըլլալու հաւատալի վկաներ միութեան եւ հաղորդութեան, Սուրբ երրորդութեան օրինակի համաձայն – ըսաւ Կարդինալ Սանտրի եզրափակելով իր քարոզը ու մէջբերելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի այս առընչութեամբ գրած խօսքերը   ` Արեւելքի Լոյս առաքելական նամակին մէջ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.