2015-05-30 13:50:00

Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի շուքին տակ


Հայերու վրայ կատարուած կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան մեծ ոճիրի հարցը կ’արծարծուի ոչ միայն Ապրիլ ամսոյն ցեղասպանութեան յիշատակին առիթով, այլ շատ անգամ քաղաքական եւ դիւանագիտական բանակցութիւններու մէջ կը դառնայ նիւթ բանավէճի։ Այս հարցը կը բարձրանայ նաեւ որոշ երկիրներու մէջ ընտրապայքարներու ընթացքին։ Կը սկսինք վիճիլ, թէ որ քաղաքական անձնաւորութիւնը “հայասէր” է կամ “հակահայ”։ Սակայն, ծանօթ է բոլորիս՝ թէ քաղաքականութեան մէջ չկան բարեկամներ կամ թշնամիներ՝ այլ հետաքրքրութիւններ։ Քիչ պարագաներու է՝ որ հետաքրքրութիւնները մարդասիրական են եւ ազնիւ, ինչպէս կը տեսնենք մէջբերուած հետեւեալ երկու օրինակներուն մէջ, մինչ անդին Գերմանիոյ վարչապետ՝ Թէոպալտ ֆոն Պեթման Հոլլվեկ անդրադառնալով հայկական հարցին կը հաստատէր՝ “մեր միակ նպատակն է՝ Թուրքիան մինչեւ պատերասմի վերջը մեր կողմը պահել, առանց հոգ ընելու, թէ այդ պարագային Հայերը կորուստի մատնուին կամ ոչ։”

 

1915ին աւստրիացի քափուչին կրօնաւոր՝ Հ. Նորպերթ Հոֆեր, մեծաւոր Էրզրումի Քափուչիններու վանքին, տեղեկատուութիւն մը ուղարկած է Սուրբ Աթոռին հետեւեալ բովանդակութեամբ՝

“Տեղահանութիւն բառը կը նշանակէ՝

1. Այր մարդոց բացարձակ բաժանումը իրենց կիներէն եւ մայրերը՝ իրենց զաւակներէն։

2. Թուրք պատուիրակներու սպառնալիքները եւ շողոքորթութիւնները, ստիպելու բոլորը՝ որ ուրանան իրենց կրօնքը։ Անոնք, որոնք ուրացան – բազմաթիւ անհատներ – անմիջապէս ուղարկուեցան իսլամական գիւղեր, որտեղէն չվերադարձան։

3. Կիներու արեւանգումը։ Նախ՝ անոնք կը բաժնուին իրենց ֆիզիքական յատկութիւններուն համապատասխան, եւ ապա՝ կամ կանանոցներու կը վաճառուին եւ կամ կը պարտադրուին՝ թուրք պաշտօնեաներու եւ պահակ զինուորներու անվայել պահանջքները գոհացնելու։

4. Փոքր աղջիկներ՝ բազմիցս իբր աղախիններ յատկացուեցան այն թրքական ընտանիքներուն, որոնք պարտականութիւն կը ստանցնեն աղջիկները իբր իսլամ դաստիարակել։ Անոնցմէ ոմանք մինչեւ Կոստանդնուպոլիս ուղարկուեցան։ Այլ շրջաններու մէջ քրիստոնեայ տղաք թլփատուեցան եւ թրքական տուներու յանձնուեցան։ Զատորոշումը աւարտելէ ետք, մնացեալները պարտադրուեցան՝ իրենց բոլոր ստացուածքները, տուներ եւ դրամ յանձնելու եւ երկրի ներքնամասերը երթալու։ Անոնք՝ բիրտ ոստիկաններու ընկերակցութեամբ, անդադար պէտք է գիւղէ գիւղ քալեն՝ անորոշ նպատակով։ Իրենց ցաւէն եւ յանկարծակի բաժանումէն բոլորովին բարոյազրկուած՝ իրենց մարմինը ստէպ ի վիճակի չէ կլիմայի եւ այլ դժուարութիւններու դիմանալու, եւ այսպէս անոնցմէ շատեր կը մեռնին ճանապարհի վրայ։ Ուրիշներ նաեւ կը կոտորուին։”

 

Իտալիոյ ընդհանուր հիւպատոս՝ Ճաքօմօ Կորրինի 1915ի տեղեկատուութեան մը մէջ հետեւալ մանրամասնութիւնները կու տայ՝

“1. Օսմանեան կայսրութեան հրովարտակը կը նախատեսէ թուրքիոյ գրեթէ բոլոր հայերու ներճամբարումը անորոշ նպատակակէտի մը մէջ, մասնաւորապէս անոնց, որոնք թրքակական Ասիոյ վիլայէթներուն մէջ կ’ապրին։

2. Հայկական վիլայէթներու մէջ, ներճամբարումի հրամանը անմիջապէս եւ յոյժ բարբարոսական կերպով կատարուեցաւ, նաեւ կիներու եւ երեխաներու, ծերերու եւ հիւանդներու վրայ։ Միայն շատ քիչեր ազատեցան կոտորածներէն։

3. Այլ վիլայէթներու մէջ՝ հրամանը կատարուեցաւ անուանացանկերու միջոցաւ, որոնք կազմուած էին պաշտօնէութիւններու կողմէ։ Հոն ալ հայերը հսկողութեան եւ սպառնալիքներու ենթարկուեցան։

4. Այդ ընթացքին կաթողիկէ հայերուն հետ աւելի բրտութեամբ վարուեցան՝ քան միւսներուն հետ։ Զանոնք խափեցին՝ նախապէս հանդարտեցնելով եւ ապա բանտարկեցին շատ բիրտ կերպով։

Ես անձամբ քանի մը հոգի ընդունեցայ եւ միջամտեցի, որպէսզի պաշտպանեմ անոնց իրաւունքները, սակայն՝ առանց յաջողութեան։ Հրամանը անխտիր բոլոր հայերուն՝ կիներու, երեխաներու, ծերերու եւ հիւանդներու վրայ գործադրուեցաւ։

6. Հայերուն օգնելու համար, հարկաւոր պիտի ըլլար, ներճամբարումի հրամանը յետս կոչել, վերապրող բոլոր հայերուն ապահովութիւնը երաշխաւորել եւ անոնց՝ Թուրքիայէն ազատ ելքը թոյլատրել։ Մարդկայնութեան եւ գթասրտութեան քայլ մը պիտի ըլլար՝ այս գաղթականներու մէկ մասը մեր մօտ Իտալիա ընկալելու։

7. Շատ մը հայեր դրդուեցան ուրանալու իրենց քրիստոնէական կրօնքը, եւ իրենցմէ շատեր պարտադրուեցան իսլամանալու։”

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.