2015-05-30 12:08:00

Հրատարակուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին Էքուատոր կատարելիք ճամբորդութեան նշանաբանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 6 – 12 յուլիս 2015, Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուայ։ Էքուատորը կ՛այցելէ 6-8 յուլիս, Պոլիվիան 8-10 յուլիս եւ Փարակուայը 10-12 յուլիս։

Այս առթիւ Էքուատորի Կառավարութիւնը հրատարակած է առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը որուն մէջ յատկանշուած է Էքուատորի եկեղեցւոյ յանձնառումը` դուրս ելլելու եւ Յիսուս Քրիստոսը քարոզելու` անխտիր բոլորին,  ''Աւետարանել Ուրախութեամբ''` այս է կառավարութեան ընտրած նշանաբանը, մինչ եպիսկոպոսական խորհուրդը որ այս առթիւ հրատարակած է նաեւ առաքելական ճամբորդութեան հայող յատուկ աղօթք մը,  նշանաբան մը եւս  ընտրած է` Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթելու բարի գալուստ Էքուատոր` կեանք սիրող երկիրը։  

Հրատարակուած աղօթքին մէջ եպիսկոպոսները Հօր Աստուծմէ կը խնդրեն որ իր ծառային Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը առիթ հանդիսանայ  իրենց սրտերուն մէջ ամրապնդելու ուրախութիւնը` ըլլալու քրիստոնեաներ, միսիոնար առաքեալներ Յիսուս Քրիստոսի եւ Մայր եկեղեցւոյ զաւակներ։

Կը խնդրենք որ այս առթիւ մեր ընտանիքները դառնան իսկական արտնի եկեղեցի, օրհնուած ամուսնութեան սուրբ պսակի խորհուրդով։ Մեր հասարակութիւնները վերագտնեն կորովը  ուրախութեամբ վկայելու աւետարանը։ Մեր ժողովրդապետութիւնները ըլլան վայրեր հանդիպումի ու ծառայութեան։ Մեր եկեղեցիները ըլլան նշան հաղորդութեան եւ եղբայրութեան կը գրեն Եպիսկոպոսները ու աղօթքը կ՛եզրափակեն հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` Սրբուհի Մարիամ` Աւետարանութեան Աստղ, աղօթէ մեզի համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.