2015-05-29 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 29 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 29 մայիսին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, մեկնելով օրուայ Աւետարանական ընթերցումէն, ուր՝ կը խօսուի անպտուղ թզենիի ծառին մասին, իր արտասանած քարոզին մէջ պատկերացուց երեք տեսակ ապրելակերպ։

Առաջին՝ անպտուղ ծառին նման, որ համազօր է  ամուլ կեանքի որ անկարող է բան մը գործելու եւ բան մը նուիրելու։ Այս տեսակ  կեանք ապրող մարդիկ, անձնասէր, հանգստաւէտ եւ հարցերէ հեռու մարդիկ են ,որոնք կ՝ապրին իրենց իրենց համար,  ասոնք ջղային կը դառնան եւ բարիք չեն կրնար ընել ուրիշին։ Յիսուս անիծեց անպտուղ թզենիի ծառը ,որովհետեւ պտուղ չէր տար։   

Երկրորդ ապրելակերպը. շահագործողներու  եւ տաճարի մէջ վաճառականութեամբ զբաղող մարդոց կեանքն է։ Ասոնք,  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը կ՝օգտագործեն նաեւ  Աստուծոյ Սուրբ վայրը իրենց շահերուն համար, լումայափոխութեամբ կը զբաղին, զոհ մատուցանելու համար կենդանիներ կը ծախեն՝ տաճարի քահանաներու արտօնութեամբ։ Այս տեսակ մարդիկը կրօնքը կը  վերածեն գործի, աշխատանքի։

Սրբազան Հայր հարց տուաւ թէ ՝՝Չեմ գիտեր, եթէ Աստուծոյ գործերը մեր շահերուն համար  օգտագործելը մեզ կը հանգստացնէ՝՝

Երրորդ ապրելակերպը ՝ հաւատքի կեանքն է՝ ինչպէս Յիսուս ցոյց կու տայ մեզի՝

Հաւատալ Աստուծոյ։  Բոլոր բաները, որոնք աղօթքի միջոցաւ  կը հայցէք, եթէ՝ կատարէք զանոնք հաւատքով՝ իբրեւ թէ արդէն՝ ստացած ըլլայիք , պիտի տեսնէք որ պիտի իրականան։

Ասիկա է հաւատքի կեանքը, եւ  այսպէս ապրելու համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը զայն պէտք է խնդրենք Տիրոջմէն ՝ մէկ պայմանով, եթէ աղօթենք պէտք է ներած ըլլանք մեր  մերձաւորին, որովհետեւ Երկնաւոր Հայրը երկինքէն կը  քաւէ մեր մեղքերը։  Հաւատք՝ ուրիշները օգնելու եւ մօտենալու համար Աստուծոյ։ Այս տեսակ հաւատքը կարող է  հրաշքներ  գործել։

Քարոզը եզրափակելով Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց  ՝՝Հայցել Տիրոջմէ, որ մեզի սորվեցնէ  ապրիլ այս տեսակ հաւատքի կեանք, եւ որպէսզի  օգնէ մեզի ու եկեղեցւոյ չի հետեւելու  առեւտրական ու ամուլ կեանքի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.