2015-05-29 09:42:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Պօղոս Առաքեալ Փիլիպեցիներու նամակին մէջ կ՛ըսէ. « Ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլպ 1.21): Առաքեալին ամէնէն զօրաւոր խօսքն է ասիկա, որովհետեւ ան իր կեանքը  անիմաստ ու դատարկ կը գտնէ առանց Քրիստոսի: Այս է նաեւ կրօնաւորին վիճակը երբ Քրիստոս հեռու է իր կեանքէն: Ամէն բան ունայն է : Ոմանք կան կ՛ըսեն. «Գիրքը եւ ընթերցումը կեանքս է, կամ երաժշտութիւնը կեանքս է» եւայլն : Կրօնաւորին կեանքը սակայն Քրիստոս ինքն է: Քրիստոս միայն կեանք տուող մը չէ, այլ այն կեանքն է որ կը լեցնէ կրօնաւորին սիրտն ու հոգին, միտքն ու համակ էութիւնը: Երբ անդրադառնանք որ մեր կեանքը Քրիստոս է, այն ատեն կրնանք մեր սիրտն ու հոգին կապել երկինքին, ճիշդ ինչպէս մէկը իր սիրտը կը կապէ իր սիրած բանին:

                Սուրբ Պօղօս կ՛աւելցնէ. «Կ՛ուզեմ որ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ գլխուս եկած բոլոր պատահարները աւելի եւ աւելի նպաստեցին Աւետարանի տարածման...: Բանտարկութիւնս, կ՛ըսէ, Տիրոջ միացած բազմաթիւ եղբայրներու քաջութիւն ներշնչեց եւ համարձակութիւն տուաւ` աւելի՛ անվախօրէն Աստուծոյ խօսքը քարոզելու:

                Կան անձեր, ըստ առաքեալին, որոնց նախանձի եւ հակառակութեան համար Քրիստոսը կը քարոզեն, բայց ուրիշներ սիրայօժար կերպով կ՛ընեն: Անոնք որ սէրէն մղուած կը քարոզեն, այդպէս կ՛ընեն` որովհետեւ գիտեն թէ Աւետարանի պաշտպանութեան համար բանտարկուած կը մնամ: Իսկ անոնք որ հակառակասիրութենէ մղուած Քրիստոսը կը քարոզեն` անշուշտ բարի նպատակով չէ որ կ՛ընեն, այլ կը կարծեն թէ այդ ձեւով բանտարկութեանս մէջ աւելի վիշտ կը պատճառեն ինծի: Սակայն ի՞նչ նշանակութիւն ունին ատոնք. շարժառիթը ի՛նչ ալ ըլլայ, պատրուակ թէ անկեղծ ցանկութիւն, կը բաւէ որ Քրիստոսը կը քարոզուի, եւ ես ուրախ եմ ատոր համար, ուրախ ալ պիտի մնամ. որովհետեւ գիտեմ թէ վերջ ի վերջոյ ատիկա իմ փրկութեանս պիտի ծառայէ, շնորհիւ ձեր աղօթքներուն, եթէ Յիսուս Քրիստոսի Հոգին շնորհէ: Այնպէս կ՛ակնկալեմ եւ կը յուսամ, որ ամօթով պիտի չմնամ, այլ` ինչպէս միշտ` այս անգամ եւս համարձակութեամբ պիտի պաշտպանեմ հաւատքս, այնպէս որ Քրիստոս փառաւորուի ինձմով, ըլլա՛յ ատիկա ապրելովս, ըլլա՛յ մեռնելովս: Որովհետեւ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ` այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ: Իսկ եթէ այս մարմնաւոր կեանքը պատճառ պիտի ըլլայ որ իմ գործովս նոր արդիւնքներ տամ, չեմ գիտեր ո՛ր մէկը ընտրեմ: Երկու սուրի մէջ մնացած եմ. մէկ կողմէ` կը ցանկամ այս կեանքէն ելլել եւ Քրիստոսի հետ ըլլալ, ինչ որ գերազանցօրէն աւելի նախընտրելի է, բայց միւս կողմէ` ձեր սիրոյն` աւելի կարեւոր կը համարեմ այս կեանքին մէջ մնալը: Եւ համոզուած եմ ու գիտեմ` թէ պէտք է մնամ. պէտք է մնամ` օգնելու համար ձեզի, որ զարգանաք եւ առաւել ուրախութիւն գտնէք ձեր հաւատքին մէջ: Որպէսզի երբ յաջորդ անգամ ձեր մօտ գամ` Քրիստոս Յիսուսի միացած ըլլալնուդ համար աւելի պատճառ ունենաք անձով հպարտ ըլլալու:

                Պօղոս առաքեալ Փիլիպեցիներու ուղղուած իր նամակը գրած է բանտի մէջ երբ մահու կամ կեանքի վճիռը կը սպասէր : Ան կը հաստատէր «ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է եւ մեռնիլը` շահ» : Կեանքի նոր իմաստ մը որ հիմք դրած է Ապրող Քրիստոսի հետ մնալու հաղորդութեան մէջ :

                Այսօր կ՛ապրինք նոր աւետարանցումի շրջան մը ուր նորանոր հորիզոններ կը բացուին մեր առջեւ ու շատ մը քրիստոնէական աւանդութիւն ունեցող շրջաններ կոչուած են վերագտնելու իրենց նախնեաց հաւատքի գեղեցկութիւնը :                 Այս առաքելութեան գլխաւոր դերակատարները Կղերական ու կրօնաւորական դասը, որոնք Սուրբ Պօղոսի նման կրնան բացականչել «ինծի համար կեանքը Քրիստոսն է» : 








All the contents on this site are copyrighted ©.