2015-05-28 12:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Կան քրիստոնեաներ, որոնք Յիսուսը կը հեռացնեն ժողովուրդէն, որովհետեւ անոնք կը մտածեն միայն իրե՜նց  Աստուծոյ հետ ունեցած յարաբերութեան մասին. Եւ կամ աշխարիկ են։

Կան նաեւ Քրիստոնեաներ. որոնք իսկապէս կը լսեն Տիրոջ կարիքը ունեցող անձերուն աղերսը։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 28 մայիսին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուայ աւետարանական ընթերցումը, ուր կը խօսուի Բարտիմէոս կոյրին մասին, որ  Յիսուսին աղաչելով կ՝ուզէր  բուժուիլ. մինչ  առաքեալները կը յանդիմանէին զինք. Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց երեք տեսակ Քրիստոնեաներու խումբեր։

Առաջին՝  այն Քրիստոնեաները, որոնք կը զբաղին միայն իրենց Յիսուսին հետ ունեցած յարաբերութեամբ։  Ասոնք՝ փակուած  եւ անձնասէր  քրիստոնեաներ են, ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը, որովետեւ  չեն լսեր կարօտեալներու աղերսի ձայնը։ Ասոնք կ՝ապրին միայն իրենց անձին համար  եւ անկարող են լսել Յիսուսի ձայնը։

Երկրորդ խումբի քրիստոնեաներն են այն անձերը,  որոնք կը լսեն օգնութիւն հայցողին ձայնը,  բայց՝  կը ջանան կասեցնել այդ աղերսը, ինչպէս առաքեալները, որոնք մանուկները հեռացուցին Յիսուսէն՝ որպէսզի չի խանգարեն Զինքը։

Այս խմբակի պատկանող քրիստոնեաներուն մէջ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, կան վաճառական մարդիկ, որոնք մօտիկ են Յիսուսին. անոնք  տաճարին մէջ կը գտնուին ՝ կածես թէ կղերականներ ըլլային, բայց Յիսուս վտարեց զանոնք տաճարէն, որովհետեւ  Աստուծոյ տան մէջ վաճառականութեամբ կը զբաղէին։  ''Այս խմբակին պատկանող քրիստոնեաները վկաներ չեն'' հաստատեց Ֆրանչիկսոս Պապը, աւեցնելով թէ ''անոնք Անունով քրիստոնեաներ են, դահլիճի մէջ նստած մարդիկ են՝  աշխարիկ քրիստոնեաներ։ Ասոնք են որոնք իսկապէս կը հեռացնեն  Յիսուսի մօտ եղող քրիստոնեաներ''։

Երրորդ խումբի քրիստոնեաները անոնք են, որոնք մարդոց  կ՝օգնեն մօտենալու Յիսուսին։

Այս Քրիստոնեաներուն մէջ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  ապրումի եւ  դաւանանքի միջեւ հետեւողականութիւն կը գտնենք.  ասոնք կ՝օգնեն, փրկութիւն եւ հոգիի ապաքինում հայցող մարդոց.

Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին ըսաւ,  մեզ կը հանգստացնէ  խղճի քննութիւն կատարելը, եւ հասկնալ կու տայ՝ թէ արդեօք ժողովուրդը Յիսուսէն հեռացնող քրիստոնեաներ ենք, կամ փրկութիւն խնդրող մարդոց աղերսին լսող քրիստոնեաներ։

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.