2015-05-28 10:42:00

''Քրիստոնեաներու սպանդը։ Մարտինը, Հայերը եւ աշխարհի մը անհետացումը'' հատորը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 28 Մայիս 2015-ին, Հայաստանի առաջին անկախութեան տարեդարձին օրը, Հռոմի ''Տանթէ Ալիկիէրի'' ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 6-ին, ներկայացումը կը կատարուի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Անտրէա Րիքքարտիի, Լաթերցա հրատարակչատան տան կողմէ  հրատարակուած` ''Քրիստոնեաներու սպանդը։ Մարտինը, Հայերը եւ աշխարհի մը անհետացումը'' խորագիրով հատորին։

Ներկայացումի ընթացքին ի մէջ այլոց ելոյթ կ՛ունենայ Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան նախագահ Մարքօ Իմփալիացցոն։

Հատորին մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ Մարտինի կոտորածին ուր տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հայերու ջարդը եւ ուր այսօր եւս տեղի կ՛ունենան քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներ, տեղահանումներ ու բռնութիւններ։

Անտրէա Րիքքարտին իր ուսումնասիրութեան մէջ ի յայտ կը դնէ հարիւր տարիներ առաջ պատահած իրադարձութիւնները ու անոնց հետեւանքները, դատապարտելով պատմութեան լրութիւնը որ այդ կոտորածին զոհերը կրկնապատիկ զոհ կը դարձնէ. առաջին` ջարդի ընթացքին երկրորդ` Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուած պարտադիր լրութեան միջոցաւ ու անոր յանձն առած ժխտողականութեան քաղաքականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.