2015-05-28 11:02:00

Տոմենիքեան հանրապետութեան եպիսկոպոսներու այցը ս. Պետրոսի յաջորդին. Տեղեկութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 28 Մայիսին, Տոմենիքեան հանրապետութեան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները ժամանեցին Վատիկան, ս. Պետրոսի յաջորդին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ։

Տոմենիքեան հանրապետութիւնը ունի 48. 311 քլմ քառակուսի տարածութիւն։ Բնակչութիւնը կը հաշուէ աւելի  քան 10.183.400։ Կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 85 տոկոսը։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կառոյցը

Երկրին եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 22 Սեպտեմբեր 1962-ին։ Ներկայիս անիկա ունի երեք գրասենեակ` ընդհանուր քարտուղարութիւնը, հաշուապահութեան գրասենեակ եւ մամլոյ գրասենեակ։ Նոյնպէս ունի տասը ազգային եպիսկոպոսական յանձնախումբեր եւ ազգային հովուական հաստատութիւն մը։

Եկեղեցին ունի երկու արքեպիսկոպոսական թեմեր եւ ինը  թեմեր առաւել զինուորական առաջնորդութիւն մը։  Այնտեղ կը գործեն 616 ժողովրդապետութիւններ, ուր իրենց հովուական ծառայութիւնը կը մատուցեն 700 քահանաներ, 1200 կրօնաւորուհիներ, 350 մնայուն սարկաւագներ, 136 կրօնաւորական հասարակութիւններ, 48 եկեղեցական շարժումներ։ Կղզիին մէջ կան 3 աւագ դպրեվանքեր, 6 համալսարաններ եւ 350 դաստիարակչական կեդրոններ, առաւել 216 դարմանատուներ։

Եկեղեցին ունի հեռուստատեսիլի  երկու կայաններ եւ տասը ձայնասփիւռի կայաններ։ 

Տոմենիքեան հանրապետութիւնը հանդիսացաւ յենակէտը ցամաքամասին աւետարանութեան։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 25 Յունուար 1979-ին առաքելական այցելութիւնը կատարելով  Տոմենիքեան հանրապետութեան յայտնեց թէ . ‘’Այդ հողին վրայ առաջին անգամուան համար բարձրացաւ նոր ցամաքամասին առաջին խաչը, մատուցուեցաւ առաջին  պատարագը եւ արտասանուեցաւ Ողջոյն քեզ Մարեամ աղօթքը, ուրկէ ճառագայթեցաւ քրիստոնէական հաւատքը’’։ Հակառակ այս գերագահութեան երկիրը դարձաւ կռուախնձորը ֆրանսայի ու Սպանիայի միջեւ, ինչպէս նաեւ դարձաւ բեմ  ստրուկներու վաճառքի ու  ծովահէններու արշաւանքներուն։

20-րդ դարուն սկիզբը Տոմենիքեան հանրապետութիւնը անցաւ ԱՄՆի գերիշխանութեան եւ ապրեցաւ ամենէն անողորմ ու երկար մենատիրութիւնը Leonidas Trujilloյի տարիներուն (1930-1961),  որու մահէն ետք սկիզբ առաւ երկրի հանրավարութեան կեանքը։

Տոմենիքեան հանրապետութեան Եկեղեցին տառապալից պատմութեան ընթացքին բարդ կապ ունեցաւ պետական իշխանութիւններու հետ կրելով հալածանք ու նոյնիսկ աքսոր։ 1953-ին վերահաստատուեցաւ  եկեղեցական գաւառը  եւ մէկ տարի ետք դաշնագիր մը ստորագրուեցաւ Ս. Աթոռի հետ։ 

1976ին Պօղոս Զ Քահանայապետը կարդինալական դասին անդամ նշանակեց  գերապայծառ Octavio Beras որպէս կարդինալ` բոլոր ցամաքամասին, վերահաստատելով Տոմենիքեան Եկեղեցւոյ ամերիկեան ցամաքամասի առաջին աւետարանիչի յենակէտի դերը։

Տոմենիքեան կաթողիկէ եկեղեցին այսօր ունի ցայտուն ու հաւատաւոր դեր մը ընկերութեան մէջ, ոչ թէ որովհետեւ կը ներկայացնէ բնակչութեան մեծամասնութիւնը այլ որովհետեւ  միշտ առաջին գիծի վրայ է երկրի քաղաքական ու ընկերային հարցերը դիմագրաւելու։

Հակառակ երկրի քրիստոնէական խոր արմատներուն, վերջին 25 տարիներուն աշխարհական ոգին մտած է ընկերութեան մէջ յառաջացնելով անտարբերութեան զգացում  քրիստոնեաներու միջեւ, ասոր կից հարկ է աւելցնել աղանդներու ներկայութիւնը որոնք մարդորսորդութիւն կը  կատարեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.