2015-05-28 10:45:00

Պարսելոնա – Ս. Ընտանիքի եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ կ՛առնէ ''Մեծ Խորհուրդ'' ծրագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի Պարսելոնայի ''Ս. Ընտանիք - Sagrada Familia''  եկեղեցւոյ մէջ­,  սկիզբ կ՛առնէ ''Մեծ Խորհուրդ'' ծրագրի առաջին ժամադրութիւնը` ''Ընտանիքի Աւետարանը  ժամանակակից մարդկութեան դպրոց'' խորագորվ, կազմակերպուած Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդէն ու երաժշտագէտ Անտրէա Պոչելլիի ջանքերով։

Նախաձեռնութիւնը կը ներփակէ շարք մը միջոցառումներ  որ պիտի գործադրուին Եւրոպայի եւ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ, ինչպէս Քրաքովիայի մէջ, Բեթղեհէմի Ծննդեան պազիլիքային մէջ, ֆիլատելֆիայի մէջ,. ուր յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ։

Նախաձեռնութեան նպատակն է քաղաքացիական ու եկեղեցական հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այր մարդու ու կնոջ միջեւ սիրոյ հմայքին, ընտանիքի գեղեցկութեան  ու բազմաթիւ արժէքներու իրականութեան։

Երաժշտութիւնն ու բառերը կը համակարգուին։ Երաժշտագէտ Անտրէա Պոչելլին հրաւիրուած է կրօնական թէ աշխարհիկ մեծ աւանդութիւնէն զատորոշել երաժշտական կտորներ ու բանաստեղծական հատուածներ, որոնք կը հիւսեն եւ կը ոգեկոչեն ընտանիքի գեղեցկութիւնը։ Իսկ տեղւոյն առաջնորդին կ’ իյնայ խորհրդածութիւն մը կատարել ընտանիքի մասին։

Պարսելոնայի մէջ խորհրդածութիւնը պիտի կատարէ թեմին առաջնորդը կարտինալ Լուիս Մարթինէս Սիսթաք։    








All the contents on this site are copyrighted ©.