2015-05-28 10:31:00

ՀՀ ԱԳ նախարարը դամասկոսի մէջ հանդիպած է Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ 27 Մայիսին ընդունած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը շեշտած են Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խոր արմատներ ունեցող պատմական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը եւ ընդգծած են անոնց ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը՝ ի շահ երկու երկիրներուն եւ տարածաշրջանին: Սուրիոյ նախագահը դիտել տուած է, որ Հայաստանին կարեւոր դեր վերապահուած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ, նաեւ ընդգծած է տարածաշրջանի իրական պատկերը արեւմտեան երկիրներուն ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը: «Սուրիոյ «Այն տառապանքը, որ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ, այժմ սուրիացիներու բոլոր հատուածները կ՛ապրին՝ սպանութեան ու ահաբեկչութեան նոյն գործիքներով, սակայն տարբեր ձեւով ու նպատակի համար», շեշտած է Ասատ։ Ան դիտել տուած է, որ Թուրքիա վտանգաւոր դեր կը խաղայ՝ նշելով, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Թուրքիոյ վրայ՝ դադրեցնելու իր ապակառուցողական գործողութիւնները: Իր կարգին Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտած է սուրիացիներուն դէմ ահաբեկչական գործողութիւնները՝ նշելով, որ սպառնալիքը կը պահանջէ միասնական եւ լուրջ ջանքեր ի գործ դնել՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:
 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.