2015-05-26 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի ծննդեան 500-րդ ամեակի առթիւ։


25 մայսին՝ Լատին եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ կը նշուի Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի տօնը։ Իսկ այս տարի կը կատարուի Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի ծննդեան յոբելինական 500-րդ ամեակը։ Այս յոբելեանի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը  պատգամ մը յղեց Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորին՝ Հայր Մարիօ Ալպէրթօ Աւիլէսին ։

Պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնած է իր հոգեւոր մասնակցութիւնը՝ յիշատակելու Հռոմի մէջ 60 տարիներ շարունակ գործած քարոզիչ առաքեալը, որուն կենաքին ուղեւորութիւնը խորապէս բնորոշուած է Քրիստոսի անձին հետ իր ունեցած յարաբերութեամբ եւ իրեն  յանձնուած հոգիներու խնամակալութեամբ։

Շնորհիւ Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի առաքելութեան՝ հոգիներու փրկութեան յանձնառումը եկեղեցւոյ համար վերածուած է առաջնակարգ գործունէութեան։ Ան եղաւ առաջնորդ շատերուն համար՝ հռչակելով Աւետարանը, մատակարարելով Սուրբ խորհուրդները, եւ յատկապէս՝ Ապաշխարութեան խորհուրդը։

Սուրբ Ֆիլիփօ Ներիի առաջնահերթ մտահոգութիւնը եղած է իր աշակերտներուն հոգեւոր զարգացումը։ Անոր հայրական հոգատարութիւնը ի յայտ կու գայ իր կատարած աշխատանքներէն, որ յատկանշուած է մարդոց հանդէպ իր ունեցած վստահութեամբ։ Ան կը մնայ լուսաւոր տիպար եկեղեցւոյ մնայուն առաքելութեան։ Անոր՝ մերձաւորին հանդէպ ունեցած մօտեցումը՝ վկայելու համար Տիրոջ սէրն ու ողորմութիւնը, կրնայ բարի օրինակ  հանդիսանալ բոլոր եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն եւ աշխարհական հաւատացեալներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա խօսքն ուղղելով միաբանութեան անդամներուն ըսաւ՝ “Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը խնդրէ ձեզմէ, Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի հոգեւոր զաւակներէն՝ որ չի բաւարարուիք գաղջ կեանքով մը, այլ ընդհակառակը՝ կոչուած էք ըլլալու աղօթքի եւ վկայութեան անձեր՝ մարդոց ուշադրութիւնը Քրիստոսի վրայ սեւեռելու եւ կենդրոնացնելու համար։ Սուրբ Ֆիլիփփօ միշտ գորովով կը դիմէր Տիրամօր բացականչելով՝ ’Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մա´յր’։

Թող Ան ընկերանայ ձեզի՝ Քրիստոսի մօտենալու ուղեւորութեան ընթացքին, եւ ըլլալու միշտ աւելի զօրեղ՝ աւետարանի վկայութեան եւ քարոզչութեան յանձնառումին մէջ։”

Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամին աւարտին շնորհած է իր Առաքելական օրհնութիւնը միաբանութեան բոլոր հոգեւորական եւ աշխարական անդամներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.