2015-05-26 14:02:00

Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի սովորական խորհուրդի իններորդ նիստը (25-26 Մայիս)։


(Ռատիօ Վատիկան)) Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական խորհուրդի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ. ''Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի սովորական խորհուրդը իր իններորդ նիստը գումարեց 25 եւ 26 մայիսին, պատրաստելու համար յառաջիկայ ԺԴ սիւնհոդոսը որուն նիւթն է ''Ընտանիքի կոչոմն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ'', որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 4 -25 հոկտեմբեր 2015։

Վերոյիշեալ խորհուրդի նիստերը նախագահեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ իը  ներկայութեամբ բացայայտեց  սիւնհոդոսի պատրաստութեան ընթացքին կարեւորութիւնը։

Երկու օրերու ընթացքին խորհուրդը քննարկեց ''աշխատանքային թղթածրարը'' որ ապա յանձնուեցաւ Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան անոր վերջնական խմբագրութեան եւ զանազան լեզուներու թարգմանութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.