2015-05-25 12:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 25 մայիսի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Եսասիրութեամբ ապրուած հարստութիւնը տխուր կեանք մըն է եւ յուսալքումի պատճառ, այսպէս հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, Երկուշաբթի, 25 մայիսին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց Աւետարանի մէջ պատմուած՝ Յիսուսի եւ հարուստ երիտասարդին հանդիպման դրուագը, ուր՝ երիտասարդը կ՝ապահովեցնէ Յիսուսին՝ թէ  միշտ գործադրած է  պատուիրանները  եւ կ՝ուզէ հետեւիլ Յիսուսին։  Յիսուսի պատասխանը եղաւ՝ ամէն ինչ ծախէ եւ բաժնէ աղքատներուն, ապա հետեւէ ինծի։  Ֆրանչիսկոս Պապ նշմարել տալով հարուստ երիտասարդին յոյսի եւ ուրախութեան անհետացումը՝ ընդծեց, թէ երիտասարդը չուզեց հրաժարիլ իր դիզած հարստութենէն։  

 

Հարստութեան յարումը սկիզբ կու տայ ամէն տեսակ կաշառառութեան, որովհետեւ անոնք, որոնք կ՝ապրին յարած իշխանութեան ու հարստութեան, կը կարծեն՝ թէ դրախտի մէջ կ’ապրին։ Անոնք՝ փակուած, հորիզոնէ զուրկ եւ յուսալքուած են, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը’ աւելցնելով՝ թէ հարստութիւնը ունի հրապուրիչ զօրութիւն եւ մեզ կը մղէ կարծելու՝ թէ երկրային դրախտի մէջ կը գտնուինք, մինչ այս երկրային դրախտը վայր մըն է՝ առանց հորիզոնի։ Ապրիլ առանց հորիզոնի՝ ամուլ կեանք մըն է, անյոյս եւ տխուր։ Հարստութեան կառչիլ՝ տխրութիւն կը պատճառէ եւ կ’ամլացնէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով հարստութեան յարումի եւ հարստութեան մատակարարումի տարբերութիւնը, յարեց՝ թէ հարստութիւնը հասարակաց բարիքին համար է, իսկ վեհանձնութենէ զուրկ հարստութիւնը՝ մեզ կը հաւաստիացնէ, որ ամենակարող ենք՝ Աստուծոյ նման։ Ի վերջոյ՝ ան մեզմէ կը խլէ լաւագոյնը՝ Յոյսը։

Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր քարոզը ըսելով՝ “Յիսուս Աւետարանին մէջ ցոյց կու տայ բարիքներու առատութեան ուղիղ ապրելակերպը։”

Առաջին երանութիւնը՝ “երանի հոգիով աղքատներուն”՝ կը յորդորէ մերկանալ սոյն հարստութեան յարումէն, եւ Տիրոջմէ ստացած հարստութիւնները տրամադրել հասարակաց բարիքին։ Պէտք է բանալ ձեռքն ու սիրտը, ինչպէս նաեւ հորիզոնը։ Եթէ փակ է ձեռքը՝ փակ է եւ սիրտը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.