2015-05-24 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը սատարելու Պենկալայի ծովածոցի գաղթականներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 24 Մայիսի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յայտնեց թէ մօտէն եւ ցաւով ու մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Պենկալայի ծովածոցի եւ Անատամանէ ծովափի գաղթականներուն իրադարձութիւններուն։ Ան ապա գնահատանք յայտնեց այն երկիրներուն որոնք կը սատարեն տառապանք ու վտանգ դիմագրաւած անհատներու հիւրընկալութեան ու ապա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան` անոնց տրամադրելու մարդասիրական անհրաժեշտ բոլոր օգնութիւնները։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ հարիւր տարիներ առաջ, այսօրուայ պէս, Իտալիան եւս մտաւ Համաշխարհային Պատերազմին մէջ, այդ ''անիմաստ սպանդը''։ Աղօթենք բոլոր զոհերուն համար, Սուրբ Հոգիէն հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա վերյիշեց Սալվատորի եւ Քենեայի մէջ երանելի հռչակուած գերապայծառ Ռոմերօն եւ քոյր Իրէնէ Սթէֆանին, վեր առնելով անոնց վեհանձն նուիրումը  եւ օրինակելի վարքը։ Անոնց վեհանձն օրինակը մեզմէ ամէն մէկուն մէջ վերազարթնէ իղձը վկայելու Աւետարանը քաջութեամբ եւ անձնուիրումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.