2015-05-23 13:14:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը Իտալիոյ Բանուորական Քրիստոնէական Շարժումի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 23 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Բանուորական Քրիստոնէական Շարժման անդամներուն։ Իր ուղերձին մէջ Սրբազան Պապը ողջունեց զանոնք՝ Շարժումի հիմնադրութեան 70րդ տարեդարձին առիթով եւ նկատեց՝ որ այս տարեդարձը առիթ մըն է խորհրդածելու միութիւններու “հոգիին” եւ հիմնական պատճառներուն վրայ, որոնք կը մղեն Շարժումը իր պատասխանատուութեան մէջ՝ ի տես նոր հարցադրումներու, որոնք կը ներկայանան Շարժումին առաջ, եւ կը պահանջեն նոր եւ որակաւոր պատասխաններ։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ զանազան մարտահրաւէրներու եւ այժմէական հարցերու, ինչպէս՝ անհաւասարութիւն, սեւ աշխատանք եւ աշխատանքի անկայունութիւն։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ իր ուղերձը կենդրոնացուց աշխատանքի չորս յատկանիշներու վրայ։

Առաջին՝ ազատ աշխատանք։ Աշխատանքի իսկական ազատութիւնը կը կայանայ՝ Արարիչին գործը շարունակելու մէջ՝ երկրագունդի վրայ եւ հասցնելու զայն իր նպատակին։ Սրբազան Պապը մեղադրեց նոր ստրկացնող կազմակերպութիւնները, որոնք միշտ աւելի կը ճնշեն աղքատներուն վրայ։ Յատկապէս կիներ եւ երեխաներ կ’ենթարկուին տնտեսութեան մը, որ կը պարտադրէ ոչ արժանավայել աշխատանք, որ կը հակասէ արարչագործութեան՝ անոր գեղեցկութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ։ Աշխատանքը պէտք չէ ըլլայ գործիք ուծացման, այլ յոյսի եւ նոր կեանքի։

Երկրորդ՝ ստեղծագործող աշխատանք։ Աստուած իւրաքանչիւր անհատի տուած է իւրայատուկ կարողութիւններ։ Պէտք է թոյլ տալ, որ մարդիկ իրենց իմացականութիւնը եւ կարողութիւնները ի գործ դնեն՝ ազատութեամբ եւ ստեղծագործող հոգիով։

Երրորդ՝ մասնակցողական աշխատանք։ Աշխատանքի մէջ միշտ պէտք է տեսնել ուրիշին դիմագիծը, եւ պատասխանատու համագործակցութիւն ցուցաբերել այլ անհատներու հետ։ Ուր աշխատանքը միայն շահադիտական դրդապատճառ ունի՝ մարդը կը վերածուի ուրիշներու անձնասիրութիւնը գոհացնելու միջոցի եւ աշխատանքը կը կորսնցնէ իր նախնական իմաստը, այսինքն՝ շարունակութիւն Աստուծոյ գործին։

Չորրորդ՝ զօրակցական աշխատանք։ Ամէն օր կը հանդիպինք անհատներու, որոնք կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը, կամ աշխատանքի փնտռտուքի մէջ են, եւ կ’ուզեն իրենց ընտանիքին համար առօրեայ հացը ճարել։ Պէտք է զօրակցիլ այս անհատներուն։ Պէտք է ընձեռել անոնց յարմար միջոցներ եւ առիթներ։

Հետեւաբար՝ ազատութիւն, ստեղծագործութիւն, մասնակցութիւն եւ զօրակցութիւն - այս յատկանիշները մաս կը կազմեն Բանուորական Շարժումի պատմութեան։ Այսօր, աւելի քան երբեք, Շարժումը կոչուած է գործադրելու այդ սկզբունքները՝ ի ծառայութիւն արժանավայել կեանքի մը՝ բոլոր մարդոց համար։

Ապա, Սրբազան Պապը հակիրճ կերպով մատնանշեց երեք տեսակէտեր. առաջին՝ Բանուորական Շարժումի ներկայութիւնը նաեւ Իտալիայէն դուրս՝ նկատի առնելով իտալացիներու՝ եւ յատկապէս երիտասարդներու արտագաղթը նաեւ ովկիանոսէն անդին։ Այսօր բազմաթիւ երիտասարդներ կը գաղթեն աշխատանք փնտռելու համար՝ ըստ իրենց մասնագիտութեան։ Բանուորական Շարժումը պէտք է ընդունի զանոնք եւ նեցուկ կանգնի անոնց։

Բանուորական Շարժումը կը դիմագրաւէ նաեւ համատարած աղքատութեան մարտահրաւէրը, որուն դէմ պէտք է պայքար մղէ։ Չի բաւեր աղքատներուն նեցուկ կանգնիլ լոկ նիւթական միջոցներու հայթայթումով։

Ֆրանչիսկոս Պապ վերջապէս նշեց՝ որ Բանուորական Շարժումի պատասխանատուութիւնը միշտ պէտք է ունենայ իր սկզբունքը քրիստոնէական հոգիի ներշնչումին մէջ՝ հաւատարմութեամբ Յիսուս Քրիստոսի, եւ Եկեղեցւոյ Ընկերային Ուսուցմունքներուն լաւ ուսումնասիրութեամբ եւ գործադրումով՝ ի տես ներկայ աշխարհի նոր մարտահրաւէրներուն։

Բանուորական Շարժումը իր պատմութեան մէջ մնացած է հաւատարիմ բանուորներուն, ժողովրդավարութեան եւ Եկեղեցւոյ։ Այսօրուայ իրականութեան ծիրէն ներս՝ անոր պատմական հաւատարմութիւնները կ’ամփոփուին այժմէական նոր հաւատարմութեան մը մէջ՝ հաւատարմութիւն աղքատներուն։

                                                                               








All the contents on this site are copyrighted ©.