2015-05-23 10:16:00

Սէուտական Արաբիոյ նէջ անձնասպանական գործողութեան պատճառաւ բազմաթիւ զոհեր


Սէուտական Արաբիոյ Արեւելեան շրջանի  Քաթիֆ նահանգի Քատիհ գիւղի շիիական Իմամ Ալի Պըն Ապի Թալեպ մզկիթին մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը 19 զոհ պատճառեց:

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ապահովական մարմինները ջանք պիտի չխնայեն «ահաբեկչական այս քստմնելի ոճիրին բոլոր մեղսակիցները հետապնդելու», ձերբակալելու եւ զանոնք յանձնելու արդարադատութեան` արդար պատիժ ստանալու համար: Նախարարութիւնը արարքը նկատեց թագաւորութեան հասարակութեան ազգային միասնականութիւնը հարուածելու փորձ մը:

Աւելի ուշ, ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.