2015-05-23 10:42:00

Նախագահ Սարգսեան մասնակցեցաւ Ռիկայի վեհաժողովին։


Աշխատանքային այցելութեամբ Լաթվիա  գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 Մայիսին, Ռիկայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովին, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ.

«Բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպայի կերտման ճամբուն վրայ կարեւոր է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը: Հայաստանի մօտեցումները ներդաշնակ են միջազգային հանրութեան դիրքորոշումներուն, որոնք արտայայտուած են նաեւ  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մէջ:

«Յայտնի է, որ Լեռնային Ղարաբաղը ոչ մէկ  առնչութիւն ունի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան հետ, որովհետեւ երբեք չէ եղած անկախ Ազրպէյճանի մաս, մինչ այդ երկրի իշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը նկատելով միակ սկզբունք եւ ատիկա դրօշ դարձուցած, հետեւողականօրէն կը վիժեցնէ խաղաղ լուծման հոլովոյթը` մերժելով լուծման միւս` համահաւասար եւ կարեւոր սկզբունքները:

«Այս տարի մենք կ՛ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ միացան մեզի` յարգանքի տուրք մատուցելով մեկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին, որոնք նահատակուեցան միայն հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալու համար:

«Մենք երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական յարմարութեան տուրք չտալով, իրենց ներդրումը կ՛ունենան մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին: 15 ապրիլ 2015-ին Եւրոպական Միութեան  ամէնէն  ներկայացուցչական կառոյցը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը` ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղերձ յղելով միացեալ Եւրոպայի երկիրներուն, նաեւ` Թուրքիոյ:

«Հայաստան յանձնառու է Եւրոպական Միութեան  գործընկերներուն հետ քայլեր ձեռնարկելու` ձեւաւորելու մեր յարաբերութիւններու իրաւական նոր հիմքը, որ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնէ Եւրոպական Միութեան  հետ Հայաստանի նախորդ բանակցութիւններու բովանդակութիւնը, միւս կողմէ` համատեղելի կ՛ըլլայ այլ համարկման հոլովոյթներու, մասնաւորապէս` Եւրասիական տնտեսական միութեան մեր անդամակցութենէն բխող յանձնառութիւններու հետ: Միաժամանակ, Հայաստան կարեւոր կը նկատէ իւրաքանչիւր երկրի նկատմամբ, ընդհանուր արժէքներու առանցքի շուրջ իրականացուող բարեփոխումներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացի հիման վրայ, տարբերակուած մօտեցման կիրարկումը եւ «աւելին` աւելիի դիմաց» սկզբունքի վերահաստատումը: Մենք աւելի քան համոզուած ենք, որ պէտք է ըլլայ բոլոր գործընկերներու  յանձնառութիւնը ընդհանուր արժէքներուն եւ  շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ճիշդ այդ ճամբով պիտի շարունակէ աշխատիլ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.