2015-05-22 09:28:00

ֆրանչիսկոս Պապը 23 Մայիսին կ՛ընդունի Կաթողիկէ բանուորական շարժումի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Acli` իտալական Կաթողիկէ բանուորական շարժումը, շաբաթ` 23 Մայիս 2015-ին, հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ընկերակցութեան հիմնարկութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ։

Ունկնդրութեան կը նախատեսուի մասնակցութիւնը ընկերակցութեան 7 հազար անդամներուն եկած` Իտալիոյ եւ արտասահմանի զանազան վայրերէն, Սրբազան Քահանայապետին դրսեւորելու իրենց մօտիկութիւնն ու համակրանքը։

Բանւորական շարժումի ազգային նախագահը Ճաննի Պոթթակիքօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց.''լաւագոյն կերպով կը  պատրաստուինք հանդիպում ունենալու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ 9 տարիներ առաջ հանդիպում ունեցանք Պենետիկտոս ԺԶ Պապին հետ իսկ 13 տարիներ առաջ ՅՊԲ Պապին  հետ։ Այս նոր ուխտագնացութիւնը ս. Պետրոսի Յաջորդին պիտի ունենայ թէ ազգային եւ թէ միջազգային բնոյթ մեր հիմնարկութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ։

Նախքան հանդիպումը կաթողիկէ բանուորները միասնաբար պիտի աղօթեն, երգեն ու խորհրդածեն թէ ի՞նչ ձեւով այսօր կաթողիկէ բանուորը կրնայ Աւետարանի վկայութիւն տալ հաւատարիմ մնալով իր շարժումին, հանրավարութեան ու Եկեղեցւոյ։                                   

Նշենք որ Acli`իտալական Կաթողիկէ բանուորական շարժումը ընկերակցութիւն մըն է որ կը գործէ աշխատանքի ու բանուորի ի նպաստ, կը կրթէ ու կը քաջալերէ գործօն քաղաքացիութեան ապրումին, կը պաշտպանէ, կ’օգնէ ու կը պահպանէ քաղաքացիին իրաւունքը։

Մէկ խօսքով կաթողիկէ բանուորական շարժումը կը սատարէ ընկերային յառաջացումին։ Ներկայիս այս ընկերակցութեան արձանագրուած են 895.700 անդամներ,  ունի 7 հազար ակումբ, 106 գաւարական աթոռ եւ 21 նահանգային աթոռ։ Տարեկան շուրջ 3,5 միլիոն անհատներու ամէն տեսակ ծառայութիւններ կը մատուցանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.