2015-05-22 10:23:00

Քէնիոյ մէջ Քոյր Իրէնէ Սթէֆանիի երանացման արարողութիւնը


Շաբաթ, 21 մայիսին, Քէնիոյ՝ Նյէրի քաղաքին մէջ, երանելիներու շարքին պիտի դասուի Քոյր Իրէնէ Սթէֆանին, աւազանի անունով Աուրէլիա Ժաքոպա Մարիա Մէրչէտէ։

Երանցման արարողութիւնը կը նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապի  յատուկ ներկայացուցիչ,  Տար էս Սալամ թեմի արքեպիսկոպոսը կարդինալ Փոլիքարփօ Փէնկօ։

Քոյր Իրէնէ ծնած է 22 օգոստոս 1891-ին, Իտալիոյ Պրէշիա քաղաքի Վալ Սապպիա անուան գիւղին մէջ։ 1911-ին կը մտնէ կրօնաւորուհիներու վանք ուր՝ 1914-ին, կը կատարէ իր կրօնաւորական ուխտերը ընդունելով Իրէնէ անունը։

1914-ին, առաքելութեամբ կը մեկնի Քէնիա ուր՝ նոր սկիզբ առած էր ժողովուդներու  Աւետարանացումը եւ  գոյութիւն չ՝ունէին դպրոցական եւ բժշկական կառոյցներ։ Քոյր Իրէնէ Քէնիոյ մէջ  կը ծառայէ զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ խնամք տանելով հիւանդներուն եւ ամոքելով անոնց ցաւերը։

Կեանքին երկրորդ հանգրուանին՝ 1920էն 1930 երկարող տարիներուն,  Քոյր Իրէնէ , կը զբաղի դաստիրակչութեամբ՝ Ճէքոնտի քաղաքի դպրոցներու  մէջ միշտ սերտ պահելով իր կապերը ափրիկէի զանազան քաղաքներու բնակիբչներուն հետ, անոնց հետ թղթակցլելով ու յատկապէս՝  Քէնիոյ մէջ ծանօթացած ընտանիքներուն հետ։

31 հոկտեմբեր, 1930-ին,  39 տարեկանին, Քոյր Իրէնէ հիւանդէ մը վարակուած համաճարակի պատճառավ իր հոգին կ՛աւանդէ առ Աստուած ։








All the contents on this site are copyrighted ©.