2015-05-21 11:59:00

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ


Մայիս ամիսը նուրիուած է Աստուածածնի, մայր՝ Քրիստոսի եւ բոլոր քրիստոնեաներուս։ Այս ամսուան մէջ կը նկատենք բնութեան վերազարթնումը բազմաթիւ գոյներով եւ գեղեցկութեամբ՝ արժանի մեր Երկնային Մօր։

Ունինք գեղեցիկ աղօթքներ, շարականներ եւ ներբողներ. Աստուածածնի կը նուիրենք վարդարանի աղօթքը եւ կը կատարենք մայիսեան ջերմեռանդութիւններ։

Գեղեցիկ ներբողներէն մէկն է՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ Աստուածածնի նուիրուած «Գումարք Խմբից»ը։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի յատկապէս ծանօթ է իր «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագրքով։ Սակայն իր մնացած երկերը նուազ արժէքաւոր չեն։ Իր գրութիւններուն մէջ՝ ան կը դաւանի Հայ Եկեղեցւոյ հաւատալիքները եւ կ’երգէ Աստուծոյ հրաշալիքները. կը փառաբանէ զԱստուած եւ կը հայցէ թողութիւն։

Այս ներբողէն յառաջ կը բերենք մասեր ազատ թարգմանութեամբ։

Սուրբ Աստուածածնի մասին խօսելով, Գրիգոր Նարեկացի՝ նախ մատնանիշ կ’ընէ աստուածային անսահմանութիւնը, եւ Աստուածածինը՝ իբր հողեղէն էակ։

«Այն որ անհաս էր հրեղէններուն (հրեշտակներուն)՝ Աստուածածինը զայն պարունակեց իր հողեղէն յարկին տակ. այն որ սերովբէներուն համար անըմբռնելի էր՝ զայն իր մարմնոյն յօդերով պատեց. հրեշտակներու դասերուն կերակրիչը՝ դիեցուց»

Ապա, Գրիգոր Նարեկացի իր խօսքն ուղղելով Աստուածածնի կը շարունակէ՝

«Քեզ կ’օրհնենք՝ երկնայիններու սրբասաց ձայնին միանալով՝

ով ամենասուրբ արարչընկալ տիրուհի եւ աստուածածին,

որ երկրի բարձունքներուն եւ երկրի տարածութեան,

ծովերու խորութեան եւ անդուդներու անհասութեան մէջ անբովանդակելին՝

քու անձուկ որովայնիդ սուրբ սենեակին մէջ մարմնացեալը՝

էութեան իսկութեամբ կարողացար կրել։

Կեանքի հացին՝ զգայական դաշտ.

Հօր ծոցէն ծնած ծաղկին՝ դալարաբեր վայր.

Առաւօտեան աստղին՝ արփիասկիզբ այգ.

Անմահ թագաւորին՝ լուսակերտ արքայարան.

Քրիստոսի Հօր՝ սրբուհի հարս.

Քրիստոս քեզմէ մարմնապէս ծնաւ, եւ իր ծնունդով՝ իր մարմինը անքակտօրէն խառնեց իր աստուածային բնութեան հետ։»

Այս տողերուն մէջ Քրիստոս կը ներկայացուի իբր «արարիչ», «Աստուած», «անբովանդակելի», «կեանքի հաց», «Հօր ծոցէն ծնած», «անմահ թագաւոր»։ Որոշ բացատրութիւններ մեզի անհասկնալի են, կամ անըմբռնելի. իսկ անհաւատին կամ այլակրօնին համար գայթակղեցուցիչ։ Սակայն այս մեր հաւատքի վարդապետութիւնն է։

Սուրբ Կոյս Մարիամ՝ ներբողին մէջ կը ներկայացուի իբր «տիրուհի», «աստուածածին», «կրող՝ մարմնացեալ Աստուծոյ», «դաշտ», «դալարաբեր վայր», «արփիասկիզբ այգ», «արքայարան», «Հօր Աստուծոյ հարս» եւ «ծնող Քրիստոսի»։

Մեր հոգեւոր գրականութեան մէջ՝ Աստուածածնի նուիրուած շատ մը տիտղոսներ եւ որակումներ առնուած են Սուրբ Գրքէն։

Գրիգոր Նարեկացիի յիշատ Քրիստոսի եւ Աստուածածնի այս տիտղոսները կրնանք նաեւ մենք՝ մեր անհատական աղօթքներուն մէջ գործածել։

Ահա քանի մը տող Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հաւատքէն, որ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքն է։ Քրիստոս՝ ճշմարիտ Աստուած է եւ ճշմարիտ մարդ։ Ոչ թէ միայն մարգարէ կամ բացառիկ կարողութիւններով օժտուած մարդ մը՝ ինչպէս երբեմն նոյնիսկ քրիստոնեաներ կը կարծեն։ Աստուած ճշմարտապէ´ս մարմնացաւ։

Իսկ Աստուածածինը իսկապէս իր արգանդին մէջ կրեց զԱստուած, Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.