2015-05-21 08:54:00

250 հազար հաւատացեալներ Գերապայծառ Ռոմերոյի երանացումի արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Ռոմերոյի երանացումի յայտարարութեան ի լուր, մայրաքաղաքի գլխաւոր օրաթերթը վերնագրեց. ‘’Էլ Սալվատոր կը պատրաստէ իր պատմութեան մեծագոյն դէպքը` Գերապայծառ Ռոմերոյի երանացումը’’։ Բարեպաշտ տիկին մը որ ամէն օր անոր գերեզմանին առջեւ կ՛աղօթէ ըսաւ ‘’35 տարիներ սպասեցինք այս լուրին’’։

Եկեղեցին ու Պետութիւնը իրենց ոյժերը միացուցած են պատրաստելու երանացման արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 23 Մայիս 2015-ին, Las Americas հրապարակին վրայ, ուր կը բարձրանայ արձանը ''Աշխարհի Փրկիչ''-ին` պաշտպանը մայրաքաղաքին։

Արարողութեան կը նախատեսուի  մասնակցութիւնը աւելի քան 250 հազար հաւատացեալի ու 12 երկիրներու նախագահներու։ Ծիսակատարութեան կը համապատարագեն 1.100 քահանաներ։ Անոր երանացման լուրը հասաւ երբ տեղական եկեղեցին կը պատրաստուէր տօնախմբելու անոր ծննդեան 100 ամեակը (15 Օգոստոս 1917)։

Այս առթիւ ծրագրուած յայտագրերէն մէկն է` երանելիի կեանքը դասաւանդել պետական ու եկեղեցական դպրոցներուն մէջ։ ''Այս նախաձեռնութեամբ  կը նպատակադրուի  ներկայ ու յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցել երանելիին սիրոյ ու միութեան պատգամը'', ըսաւ մայրաքաղաքի առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Խօսէ Լուիս Էսքոպար աւելցնելով թէ ''Ներկայիս կ’աշխատինք վերահաստատել կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ռատիոն, որուն միջոցաւ Երանելի Ռոմերոն կը սփռէր իր քարոզները եւ որուն միջոցաւ կ՛ուզենք կրկին հաղորդել անոր պատգամները։








All the contents on this site are copyrighted ©.