2015-05-20 12:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Չինաստանի Եկեղեցւոյ աղօթքի օրուան առթիւ։


Չորեքշաբթի, 20 մայիսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կոչ ուղղեց մասնակցելու Չինաստանի Եկեղեցւոյ աղօթքի օրուան։

Ֆրանչիսկոս Պապը կոչին մէջ ըսաւ .՝՝յառաջիկայ 24 մայիսին,  Չինաստանի կաթողիկէ հաւատացեալները ջերմեռանդութեամբ պիտի աղօթեն  ՝՝Քրիստոնէից  օգնութիւն  Սուրբ Կոյս Մարիամին՝՝ որ  մեծարուած է Շանկայի   Շէշանի անուան սրբավայրին մէջ։

Արձանը կը պատկերացնէ  Տիրամայրը վեր գրկած իր  Զաւակը, զայն ներկայացնելով աշխարհին բազկատարած՝ որպէս սիրոյ եւ ողորմութեան  նշան։

Մենք եւս Մարիամէն պիտի խնդրենք, որ օգնէ Չինաստանի Կաթողիկէները,­ որպէսզի ըլլան միշտ աւելիով վկաները այդ ողորմած սիրոյն իրենց ժողովուրդն մէջ եւ որպէսզի հոգեպէս ապրին միացած Սուրբ Պետրոսի ժայռին, որուն վրայ կառուցուած է Եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.