2015-05-20 09:40:00

Մեսրոպեան աշակերտուհի Նանօր Արրնէլիան Լիբանանի ճատրակի աղջկանց ախոյեան


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ Նանօր Արնէլեան, Ճիօ Գալուստ եւ Կի Գալուստ պատուաբեր տիտղոսներով վերադարձան Լիբանանի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան խաղերէն, որոնք երկարեցան ամբողջ չորս օրերու վրայ՝ 9-10 եւ 16-17 Մայիս 2015-ին:

Մեսրոպեանական մասնակիցներէն ամենաբարձր ցուցանիշը հաստատեց Նանօր Արնէլեան: Առաւելագոյնը 6 կէտերէն 5.5 կէտ շահելով, Նանօր արձանագրեց բոլորին կողմէ սպասուած յաջողութիւնը եւ տիրացաւ Լիբանանի աղջկանց ճատրակի ախոյեանի տիտղոսին: Ճիօ եւ Կի Գալուստ եղբայրները, իրենց հերթին, ցուցաբերեցին հնարամիտ խաղ եւ երկուքն ալ տարիքային իրենց խումբերուն մէջ նուաճեցին Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալները: Մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Մեսրոպեանի աշակերտ Կարօ Գալֆայեան:

Ինչպէս նախապէս, այս անգամ ալ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ամբողջ աշակերտութեան առջեւ շնորհաւորեց ճատրակի պատանի վարպետները եւ գնահատեց անոնց աշխատանքը՝ մտաւոր ունակութիւններ զարգացնող այս մարզաձեւին մէջ:

Մեսրոպեանի աշակերտները անցած տարեշրջանին մասնակցեցան բազմաթիւ մրցաշարքերու եւ միշտ ալ յայտնուեցան մետալակիրներու դիրքերուն վրայ՝ անհատական թէ խմբային խաղերուն մէջ:  Մեսրոպեանի ճատրակի հաւաքականը 2014-2015 տարեշրջանին երրորդ հանդիսացաւ Լիբանանի դպրոցներու ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն: Մեր աշակերտներու յաջողութեան մեծապէս նպաստեցին անոնց ծնողներուն  եւ  մարզող ուսուցիչին՝ պրն. Էլի Հուլիշեանի քաջալերանքն ու հոգածութիւնը:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.