2015-05-20 10:02:00

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ առ Դէմ


Անձրեւ, ձիւն, կարկուտ, հեղեղ, փոթորիկ, բուք ու բորան, բոլորն ալ ձմրան եղանակին հետ առնչուած իմաստ ու բովանդակութիւն ունին: Սակայն անոնք նաեւ փոխաբերական նշանակութեամբ օգտագործուող նիւթեր են, ցոյց տալու այդ եղանակին նմանութիւնը մարդու բնաւորութեան հետ:

Այստեղ, մոլորակի բնութիւնը եւ մարդ էակի բնաւորութիւնը կը համեմատուին, անոնց միջեւ հասարակաց գիծեր յայտնաբերելու եւ բարոյական դասեր քաղելու համար:

Վստահաբար հանդիպած էք այնպիսի անձերու, որոնք ամպամած կամ անձրեւային օրերուն անտրամադիր կ՛ըլլան, ու նոյնիսկ չե՛ն ուզեր աշխատանքի երթալ: Ուրիշներ ընդհակառակը, աշխատելու բարձր տրամադրութեամբ կը լծուին գործի, յայտնելով շրջապատին, թէ նման կլիմայ մեծապէս կը նպաստէ իրենց կեդրոնանալու եւ գործ արտադրելու:

Ձմրան ամպամած ու փոփոխական եղանակները նաեւ կը մտահոգեն դաշտերու մէջ վարուցանք ընող մշակները, որոնք ամրան շոգն ու կիզիչ արեւը «վայելելով», երբ իրենց արտերը կը մշակեն ու ցանքը կը կատարեն, չեն ուզեր բնաւ, որ այդ աշխատանքը փճանայ կարկուտի անխնայ հարուածներով կամ անզսպելի անձրեւային հեղեղներու «լուացումներով»:

Արեւային տաք եղանակն ալ իր տարբեր ազդեցութիւնը ունի մարդու ո՛չ միայն ֆիզիքականին, այլ նաեւ հոգեկան ապրումներուն վրայ: Ոմանք կարօտով կը սպասեն ամրան եղանակը, վայելելու համար պայծառ ու ջերմացնող արեւը: Այն երկիրներուն մէջ, ուր արեւու լոյսը շատ քիչ կը տեսնեն բնակիչներ, ամրան տաք եղանակին մեծ սիրով կ՛երթան ոսկեայ աւազ ունեցող ծովափներ, իրենց մարմինը ջերմացնելու արեւու կենսանիւթով:

Անշուշտ ամէն բանի մէջ չափաւորութիւնն է միշտ նախընտրելին։

Վերադառնալով նիւթին բարոյական նշանակութեան եւ կեդրոնանալով յատկապէս դէմքի արտայայտութիւններուն, որոնք բարացուցիչ են մարդկային զգացումներու, նկատելի է, որ ոմանց դէմքը միշտ ժպտուն է: Նոյնիսկ կարելի է զանոնք «Ժպիտ» անունով կանչել, քան այն անունով, որ կոչած են զիրենք իրենց ծնողները: Ժպիտը, ըստ կենսաբաններու, երբեմն մինչեւ իսկ երկարակեցութեան պատճառ կը դառնայ:

Ուրախութիւնը, սակայն, պէտք չէ՛ շփոթել կեղծիքի կամ յիմարութեան հետ: Ոմանց դէմքին վրայ ժպիտը այնքան առատ է, որ իրենց հետ առաջին անգամ հանդիպում ունեցողներու համար անոնք կը թուին ելլալ «երջանիկներ»: Երջանկութիւնն ալ, սակայն, ունի իր եզրաբանութիւնը, կամ՝ կեանքի երեւոյթներուն համապատասխան տրուած բացատրութիւնը: Ուրեմն, եթէ ժպտացող դէմքերը փոխաբերական իմաստով ներկայացնելու համար կարելի է օգտագործել «արեւային պայծառ եղանակ»ի նմանութիւնը, պէտք է «անձրեւային եղանակ»ի պատկերը օգտագործել տխուր դէմքով եւ միշտ մտահոգ մարդոց արտայայտութիւններուն համար: Սակայն բոլորովին ճիշդ չէ՛ այս համեմատութիւնը: Ընդհակառակը, «անձրեւային եղանակի դէմք» ունեցող մարդիկ ընդհանրապէս երջանիկ ու անհոգ, եւ մինչեւ անգամ անտարբեր անձեր են…

Յիշենք հայկական ծանօթ առածը. «Աներեսի երեսին թքեր են, ըսեր է՝ անձրեւ կու գայ»: Ահա թէ ինչպէս մնայուն «անձրեւային եղանակ» կը տիրէ ոմանց դէմքերուն վրայ: Ասոնք այն տեսակի մարդիկ են, որոնց համար ամօթի զգացումը վաղուց ժամանակավրէպ գաղափար դարձած կ՛ըլլայ: Անոնք նոյնիսկ հովանոցի կարիքն ունին պաշտպանուելու նման անձրեւէն։

Ամէն մարդ մեծ կամ փոքր չափի «հովանոցներու» կարիք ունի իր կեանքին մէջ, իր ամօթխածութիւնը արտայայտելու համար, որ բարոյական դաստիարակ մըն է մարդուն կեանքը կառավարող: Անոր աստուածաբանական եզրը՝ աստուածավախութիւնն է, որ իր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ մարդկային անսանձելի կիրքերը հակակշռող ուժ կը ներկայացնէ ինքնին:

«Անձրեւ կու գայ» նախադասութիւնը բարոյականութեան պակաս ունեցող մարդոց բերանին մէջ շատ կը լղորճուի, անոնք հպարտութեամբ ու գոհունակութեամբ միշտ կ՛ըսեն «անձրեւ կու գայ», ամէն անգամ երբ մարդիկ թքեն իրենց երեսին: Այդ է, որ մեզ կը համոզէ եզրակացնել, թէ՝ արեւային եղանակ չեն ցանկար անոնք երբե՛ք…








All the contents on this site are copyrighted ©.