2015-05-19 10:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի զեկոյցը Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի 68րդ համագումար նիստին առիթով


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի, 17 մայիսի յետմիջօրէին զեկոյց մը ուղղեց Իտալիոյ եպիսկոպոսներուն, անոնց 68րդ համահաւաք նիստին առիթով։

Սրբազան Պապը իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց՝ որ եպիսկոպոսները ընտրած են “Evangelii Gaudium” Առաքելական Յորդորը իրենց հաւաքի խորհրդակցութիւններուն իբր ուղեցոյց, եւ աւելցուց՝ թէ «այս ժամանակներուն, ուր ականատես ենք տեղական եւ միջազգային մտահոգիչ իրադարձութիւններու՝ քրիստոնէական եւ եպիսկոպոսական կոչումն է՝ հոսանքներու հակառակ ընթանալ՝ ըլլալով ուրախ վկաներ Յարուցեալ Քրիստոսի, եւ փոխանցել Սուրբ Աւետարանի ուրախութիւնը եւ յոյսը ուրիշներուն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց՝ որ «մեզմէ կը պահանջուի մխիթարել, օգնել եւ քաջալերել մեր բոլոր ընկճուած եղբայրները, որոնք կքած են իրենց խաչի ծանրութեան տակ՝ ընկերակցելով անոնց, առանց երբեք հոգնելու գործելէ՝ շահելու համար զանոնք այն զօրութեամբ, որ կու գայ միայն Աստուծմէ։

Սրբազան Պապը յայտնեց, որ այս հաւաքին կ՜ուզէ լսել եպիսկոպոսներու հարցերը եւ գաղափարները, եւ իր կարգին՝ ներկայացնել իր հարցումները եւ կարծիքները։

Քանի մը կէտերու մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ «Եկեղեցական զգայնութեան», որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ հովուական աշխատանքի մէջ՝ ընդառաջ ելլելով հօտին եւ պաշտպանելով զայն «գաղափարախօսական գաղթարարութենէ», աստուածաբանական տեսական վարդապետութիւնը «թարգմանել» բոլորին դիւրամատչելի կերպով, քաջալերել աշխարհականներու գործունէութիւնը եկեղեցական կեանքի ծիրէն ներս եւ ապրիլ միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը եպիսկոպոս եղբայրակիցներու եւ քահանաներու հետ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.