2015-05-19 09:08:00

Քոյր Անի Տէմիրճեանի վկայութիւնը հալէպի իրավիճակին մասին։


''Երբեք այսքան չենք վախցած ,պատրաստ ենք աւելի քէշին։ Աղօթեցէք մեզի համար''։

Այս բառերով է որ Հայ Կաթողիկէ Քոյր Տէմիրճեան վկայութիւն տուաւ հալէպի ողբերրգական իրավիճակի մասին ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն՝՝  եկեղեցական Քահանայապետական հաստատութեան։

Հայ կաթողիկէ կրօնաւորուհին նկարագրած է Սուրիոյ քաղաքներու մէջ տիրող տաժանելի կացութիւնը ուր՝ հազարաւոր Քրիստոնեաներ լքած են իրենց հայրենական օճախները եւ ապաստանած են Սուրիոյ զանազան քաղաքներու մէջ։

Թուելով հալէպի մէջ Քրիստոնեայ բնակիչներուն թիւը Քոյր Տէմիրճեան յայտնած է՝ թէ  անոնք 2011ին,  կը հաշուէին մօտաւորապէս  150000 Հաւատացնելաներ , հետզհետէ անոնց թիւը նուաճում արձանագրած է ։Ապա խօսելով ներկայ իրավիճակին մասին ըսած է՝ թէ  անցեալ 10 ապրիլին , Օրթոտոքսներու Սուրբ Զատկուայ տօնին աւագ Ուրբաթ օրը՝ Հալէպի քրիստոնեայ շրջանները թիրախ դարձած էին  ռմբակոծութեան յատկապէս՝ Սուլէյմանիէ շրջանը։

Հակառակ Հալէպի մէջ սոյն ողբերգական վիճակին, Քոյր Անի յայտնած  թէ ինք  կր շարունակէ խնամք տանիլ  կարօտեալներուն, հայթայթելով անոնց սննդեղէն  եւ   անհրաժեշտ  կարիքներ, շնորհիւ  Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան նիւթական օժանդակութեան։

Նշենք, թէ Սուրիոյ   տագնապի օրէն  ի վեր  Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւնը   աւելի քան 12 միլիոն Եւրօ  նիւթական օժանդակութիւն  ուղարկած է  Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներուն։

Վերջերս, Քահանայապետական հաստատութիւնը տրամադրասծ է 2,000,000 Եուրօ, մարդասիրական խնամատարական ծրագիրներու իրականացման համար յատկապէս Հալէպի բնակչութեան։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.