2015-05-19 09:27:00

Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները տօնեցին իրենց հերթական աւարտական հանդէսը


Շաբաթ, 16 Մայիս 2015-ին,  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարանները տօնեցին իրենց հերթական աւարտական հանդէսը, հոգեւորական հայրերու, լիբանանահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ծնողներու եւ բարեկամներու մեծաթիւ ներկայութեան: Աւարտականի իրենց վկայականները ստացան 70 մեսրոպեանականներ, որոնք նախապէս մասնակցած էին Լիբանանահայ վարժարաններու աւարտականներու վկայականաց բաշխման միացեալ հանդիսութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Հանդիսութեան նախագահեց Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան, օրուան պատգամը փոխանցեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի ատենապետուհի տիկին Սեդա Խտշեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն անմիջապէս ետք խօսք առաւ զոյգ վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Ողջունելէ ետք հանդիսութեան նախագահն ու պատգամախօսը, եւ ընդհանուր արժեւորում մը կատարելով Լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ Մեսրոպեանի վաստակին ու աւանդին, պարոն Գալուստ դիտել տուաւ շրջանաւարտներուն, որ աւարտական հանդէսը իրենց  ուսումնական կեանքին մէջ վերջակէտ չէ,  այլ սկիզբ՝  նոր հանգրուանի մը: “Մենք կը սպասենք, որ դուք համալսարաններուն մէջ արձանագրէք փայլուն յաջողութիւններ , դառնաք յարգուած մասնագէտներ զանազան ասպարէզներու մէջ եւ կայանաք որպէս ընկերութեան լիարժէք ու գործունեայ անդամներ”, ըսաւ պարոն տնօրէնը: Ապա անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհուրդին, պարոն Գալուստ ըսաւ. “Անցած 100 տարին, հայորդիներ պայքարեցան ընդդէմ ուրացումի եւ յանուն ճշմարտութեան, յանուն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Ձեզմէ կը սպասուի, ու ձեզի կը մաղթենք, որ ըլլաք հատուցումի՛ պայքարին յաղթականները, ըլլաք այն սերունդը, որ վերականգնէ մեր ազգին իրաւունքները իր պատմական հայրենիքին մէջ ու ծաղկեցնէ նոր Հայաստանը, նոր հայութիւնը՝ ի փառս մարդկային քաղաքակրթութեան:”

Մեսրոպեանի տնօրէնը բարձրօրէն գնահատեց ծնողներու, ուսուցիչներու եւ վարժարանի բարեկամներուն ներդրումն ու մասնակցութիւնը դպրոցի վերելքին եւ եզրափակեց. “Կրթական հաստատութեան մը ճամբան աւարտ չունի. սերունդներ եկան՝ ուսանելու, սերունդներ կ՛երթան՝ աւարտելով ու վաղն ալ պիտի գան՝ նոյն նպատակներով. մեզի համար էականը այն է, որ անոնք մեսրոպեանական մնան, կարեւորը` ունենան ապահով ու փայլուն ապագայ, եւ ակնկալութիւնը, որ ծառայեն իրենց եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին:”

Հայր Գէորգ ծ. Վրդ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ աւարտականները գիտութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի զօրութեամբ յաջողութեամբ դիմագրաւեն կեանքին յառաջացուցած մարտահրաւէրները: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւատներուն երդուիլ հաւատարիմ մնալ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու արդար արիւնին եւ կենսագործել այն արժէքները, որոնց համար անոնք զոհուեցան:

Օրուան պատգամախօսը՝ տիկին Սեդա Խտշեան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու ծնողները անոնց կեանքին համար կարեւոր այս օրուան առիթով, շեշտեց գիտութեան եւ կրթութեան կարեւորութիւնը՝ երիտասարդ սերունդի ապագային համար եւ վեր բերաւ այն դերակատարութիւնը, որ ուսեալ երիտասարդութիւնը կրնայ խաղալ ընկերութեան եւ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ: Ան մաղթեց, որ գիտութեամբ զինուած հայ երիտասարդութիւնը արժանաւոր կերպով շարունակէ յանուն արդարութեան հայ ժողովուրդի մղած պայքարը եւ այդպիսով նաեւ նպաստէ մարդկային ընդհանուր զարգացումին:

Աւարտականներու անունով խօսքեր արտասանեցին Սթեֆանի Պալթայեան (հայերէն), Ճեսիքա Պէզճեան (ֆրանսերէն), Միրէյ Քէհէեան (արաբերէն) եւ Ժոզէֆ Փուլատողլի (անգլերէն), իսկ տիկին Հասնա Պու Էլիաս հանդէս եկաւ ուսուցչակա կազմի անունով արտասանուած խօսքով: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Անի Գասպարեան (նուագ)  եւ Արազ Խաչատուրեան (ասմունք),  մինչ Բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարաններու  աշակերտներները ներկայացուցին խմբային երգեր, պարեր եւ ասմունք: Այնուհետեւ կայացաւ աւարտականներու կողմէ  “Մեսրոպեան Վահան”ի փոխանցումը՝ յառաջիկայ տարուան աւարտականներուն, իբրեւ խորհրդանիշ՝ սերունդէ սերունդ շարունակուող կրթական երթին:

Հանդիսութեան աւարտին վկայականներ ստացան Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 33 շրջանաւարտներ  եւ Արուեստից վարժարանի 37 աւարտականներ՝ բարձրագոյն արհեստագիտութեան (TS) եւ  թեքնիքըլ պաքալորէայի (BT)  տարբեր ճիւղերու մէջ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ տօնական հրավառութեամբ, որուն յաջորդեց շրջանաւարտներու շնորհաւորութիւնը՝ Սուրբ  Փրկիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ








All the contents on this site are copyrighted ©.