2015-05-19 09:21:00

Թուրքիոյ Քրտամէտ կուսակցական գրասենեակներ՝ յարձակումներու թիրախ


Երկուշաբթի 18 մայիսին Ատանայի եւ Մերսինի մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնատեղիները ականահարումներու թիրախ դարձան: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ատանայի իր կեդրոնին ականահարումին պատճառով կեդրոնին անձնակազմէն վեց անձեր վիրաւորուած են:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ «թող բոլորը գիտնան, որ որեւէ ուժ պիտի չկարենայ Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հրաժարեցնել թուրք ժողովուրդին հետ երկխօսութիւն կատարելէ», եւ մատնացոյց ըրաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան այլ պաշտօնատարներուն կողմէ վերջերս կուսակցութեան հասցէին օգտագործուած կարծր լեզուն:

Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Փերվին Պուլտան ականահարումներէն ետք իր կարգին բուռն կերպով քննադատեց կառավարութիւնը: Պուլտան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Ո՛չ նախագահը, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ կառավարական այլ պաշտօնատարներ պէտք է դատապարտեն այսօրուան յարձակումները: Անոնք պէտք է լուռ մնան: Ատիկա բաւարար է»:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան եւ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք դատապարտեցին յարձակումները: Աքտողան յարձակումը բոլոր կուսակցութեանց եւ ընտրական հոլովոյթին դէմ կատարուած յարձակում նկատեց` աւելցնելով, որ պայթումներու հետաքննութեան համար ոստիկանութենէն, կիսազինուորական ոստիկանութենէն եւ ՄԻԹ-էն(Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութենէն) կազմուած յատուկ խումբ մը կազմուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.