2015-05-19 10:00:00

Աստուծոյ կամքին վստահիլ


 

«Յիսուս կրկին տուն կը դառնայ ուր ամբոխ մը հաւաքուած էր այնպէս որ կարելի չէր նոյնիսկ ճաշել: Իմանալով, իրենները եկան զինքը առնելու որովհետեւ կը յայտարարէին թէ «իր խելքը կորսնցուցած է»: (Մարկ 3, 20-21)

«Տէր, Քու մասիդ կը տարակու-սին եւ քեզ կ'ամբաստանեն որ չար ոգին տիրացած է քեզի: Մայրդ եւ եղբայրներդ կու գան քեզ պաշտպա-նելու համար  եւ կ'ուզեն նաեւ որ կարենաս հանգչիլ: Ինծի հասկցուր, Տէ՛ր,  որ Հայրդ եւ դուն հանգիստ չու-նիք այլ միշտ կը գործէք»: (Յովհ 5, 17)

Ամենակալ Տէր, պարգեւէ ինծի որ քու դպրոցիդ աշակերտը ըլլամ, երբեք չյոգնիմ քեզ լսելէ որպէսզի ինծի օգնես որ կարենամ ուրիշներուն օգտակար ըլլալ եւ քաջալերեմ անոնց՝ որ իմ ճամբուս վրայ պիտի գտնուին:

«Այն ատեն Յիսուս դարձաւ իր տունը». Յիսուս անձնական տուն չունէր, ինչպէս որ արդէն ըսած էր, այլ իր առաքեալներէն՝ Պետրոսին եւ Ան-դրէասի տունն էր, Քափարնաոմի մէջ: Յիսուս այդ տեղ երթալով կը զգար թէ իր տան մէջ էր:

Հազիւ իր հասնելուն լուրը տարածուեցաւ, ամբոխը խուժեց հոն ուր Յիսուս կը գտնուէր: Ամէն հոն գտնուողները բանի մը համար եկած էին. մէկը պէտք ունէր քաջալերանքի եւ մխիթարութեան, ուրիշը մխիթա-րական խօսքեր լսելու իր կրած անարդարութեան համար, ուրիշ մը կ'ուզէր հասկնալ թէ ինչո՞ւ համար հիւանդ էր եւ կը չարչարուէր, հարց տալով թէ ինչ կը պատահի իրեն: Ուրիշ մը կ'ուզէր իմանալ ինչպէ՞ս հաշտուիլ իր դրացիին հետ: Ամէնքը հոն էին եւ դուռը կը բախէին: Իսկ դուն կ'ուզէիր ամէնքը մխիթարել:

Յիսուսի խօսքը. «Ո՞վ է ին մայրս եւ ո՞վ են իմ եղբայրներս» չի նշա-նակեր թէ Յիսուս կ'ուրանար անոնց: Յիսուսի համար իր ճշմարիտ ընտա-նիքին մաս կը կազմեն միայն անոնք որոնք պատրաստ են իրեն հաւա-տալու եւ Աստուծոյ կամքը կատա-րելու: Այս պայմանը ի զօրու է թէ Մարիամին, թէ Յովսէփին եւ թէ Յիսուսի աշակերտներուն համար որոնք հաւատալով Քրիստոսի առա-քելութեան առաջին վայրկեաններէն սկսեալ, եղան Աստուծոյ կամքը կատարողները եւ դարձան Յիսուսի ճշմարիտ ընտանիքը:

Աղօթք

Տէ՛ր, տուր ինծի շնորհքը քեզի հաւատալու բոլոր սրտովս, բոլոր հոգիովս եւ ամբողջ ուժերովս: Դուն մեզի ըսիր որ ամէն բան կը պարգեւես մեզի անհուն եւ անսահման սիրով, հակառակ մեր անարժանութեան:

Տէ՛ր, թոյլ մի տար ինծի որ վայր-կեան մը տարակուսիմ այս էական ճշմարտութեան մասին: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան   








All the contents on this site are copyrighted ©.