2015-05-19 10:15:00

24 Մայիսին կը նշուի Չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ կիրակի` 24 Մայիսին, կը տօնախմբուի Չինաստանի եկեղեցւոյ  համար աղօթքի օրը, հաստատուած  30 յունիս 2007ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւս բազմաթիւ անգամներ ընդգծեց ընդհանրական Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը Չինաստանի Եկեղեցւոյ ու մօտէն կը հետեւի երկրին իրավիճակին ու անցուդարձներուն։

Արդարեւ Ան հազիւ Քահանայապետ ընտրուած` 13 մարտ 2013-ին, Սիքստինեան մատրան մէջ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունելով Հոնք - Քոնկի չինացի կարդինալ Ճոն Թոնկ-ը ըսաւ. ''Չինաստանը իմ սիրտս է, Պենետիկտոս Պապը հաշտութեան ճամբան բացաւ''։ Ապա Սէուլէն դէպի Հռոմ վերադարձին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. Պատրաստ եմ Չինաստանը այցելել  եւ Պենետիկտոս Պապին նամակը չինացիներուն կը մնայ հիմնական եւ այժմէական, չինական հարցին համար''։ 

Յառաջիկայ աղօթքի օրուայ առթիւ ստորեւ կը ներկայացնենք Պենետիկտոս Պապին նամակի հակիրճ, պարունակութիւնը։ Նամակը բաժնուած է երկու մասերու։ Առաջինին մէջ սրբազան հայրը կը բացայայտէ եկեղեցւոյ վիճակը,  աստուածաբանական տեսանկիւնով իսկ եկրորդին մէջ կու տայ հովուական կեանքի մասին ուղղութիւններ։

Պենետիկտոս Պապին թուղթը կը սկսի ողջոյնով մը, ուղղուած չինաստանի կաթողիկէներուն որոնք յառած են Քրիստոսի եւ իրենց այդ հաւատարմութեան համար ոչ միայն կը հաւատան Քրիստոսի այլ եւ անոր անուան համար կը հալածուին ու կը չարչարուին։ ''Իմ այս նամակովս - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը -  կ՝ուզեմ տալ ձեզի ուղղութիւններ հայող եկեղեցւոյ կեանքին, Չինաստանի աւետարանութեան եղանակին, որպէսզի օգնեմ ձեզի ճանչնալու Քրիստոսի կամքը՝ բանալին, կեդրոնը եւ վերջին նպատակը մարդկային պատմութեան''։

Թուղթին առաջին մասին մէջ նորին սրբութիւնը կը շօշափէ հետեւեալ ենթատիտղոսները.

համաշխարհայնացում, արդիականութիւն եւ աստուածամերժում -  տրամադրութիւն  եւ կառուցողական երկխօսութիւն - հաղորդութիւն տեղական եւ ընդհանրական եկեղեցւոյ միջեւ - լարուածութիւն եւ բաժանում եկեղեցիէն ներս, ներում եւ հաշտութիւն - եկեղեցական հասարակութիւններ ու պետական մարմիններ յարաբերութիւն - չինաստանի եպիսկոպոսական համահաւք դասը -  եպիսկոպոսներու անուանում

Իսկ թուղթին երկրորդ մասը կը ներփակէ հետեւեալ ենթատիտղոսները -  եկեղեցական գաւառները - կաթողիկէ հասարակութիւնները -  ժողովրդապետութիւնները - եկեղեցական կոչում եւ կրօնական կազմաւորում - աշխարհական հաւատացեալները եւ ընտանիքը  - չափահասներու կրօնուսուցումը եւ միսիոներական կոչումը։

Պենետիկտոս ԺԶ քահայանապետը իր նամակը կ՝եզրափակէ 24 մայիսը հռչակելով որպէս չինաստանի եկեղեցւոյ համար աղօթքի օր։

24 մայիսը չինաստանի մէջ նուիրուած է երանուհի Ամենասուրբ կոյս Մարիամին, օգնական քրիստոնէից տօնին, որուն առթիւ  Չինաստանի հաւատացեալները ամէն տարի կը հաւաքուին Շանկայի Շիշեան Մարեմեան սրբավայրին մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ իր նամակին մէջ մաղթանք յայտնած է որ այդ օրը բոլոր քրիստոնեաները աղօթքով միանան Չինաստանի եկեղեցւոյ։ Ան իր նամակը կ՝եզրափակէ մէջբերելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթի հետեւեալ խօսքը ''կը հրճուիք ուրախութեամբ, թէպէտ որոշ ժամանակի մը համար հիմա տեսակ տեսակ նեղութիւններու մէջ կը չարչարուիք, որպէսզի ձեր լաւ փորձուած հաւատքը, որ աւելի թանկագին է քան կրակի մէջ փորձուած կորնչական ոսկին, ըլլայ ձեզի համար պատճառ գովասանքի, փառքի եւ պատիւ Յիսուս Քրիստոսի Յայտնութեան օրը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.