2015-05-18 10:35:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 18 Մայիսի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի` 18 մայիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի ''Պոլոնիա'' անուան սրահին մէջ, նախագահեց Հռոմի Քուրիայի - վերին իշխանութեան - պատասխանատուներու ժողովին, ապա ժամը 11-ին, Քլեմենթինա Սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջին Արեւելքէն եւ Բեթղեհէմն ժամանած Քարմելիթան եւ Սուրբ Վարդարանի միաբանութիւններու կրօնաւորուհիներուն հետ որոնք Հռոմ կը գտնուին եւ երէկ` կիրակի 17 մայիսին, իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցող սրբադասման արարողութեան, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ հռչակեց չորս կրօնաւորուհիներ որոնց շարքին երկու Պաղեստինցի մայրապետներ` Քոյր Մարիամ Պաուարտի`(1846-1878)  եւ  քոյր Մարի Ալֆոնսին Ղաթթաս (1843-1927)։ Առաջինը ծնած է Գալիլիայի Իպիլլին գիւղին մէջ եւ Բեթղեհէմի մէջ հիմնած է Քարմելիթաններու միաբանութիւնը։

Իսկ երկրորդը` ծնած է Երուսաղէմ եւ հիմնադիրն է ''ս. Վարդարանի'' կրօնաւորուհիներու միաբանութեան։

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքին գնահատումով երկու պաղեստինցի կրօնաւորուհիներու սրբադասումը Պաղեստինի համար յոյսի նշան են։ 

Սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խօսելով երկու սրբուհիներու վարքի մասին ըսած էր.

Համեստ եւ անգրագէտ Քոյր Մարիա Պաուարտի վսեմ օրէն փորձարկեց Աստուծոյ սէրը եւ կարողացաւ, շնորհիւ Ս. Հոգւոյն հետ հաստատած մշտատեւ երկխօսութեան, խորհուրդ ու աստուածաբանական բացատրութիւններ ընծայել ուրիշներուն։ Հեզ մնալով Ս. Հոգւոյ ձայնին, ան դարձաւ հանդիպումի ու հաղորդութեան միջոց մը իսլամ աշխարհին հետ։

Իսկ անդրադառնալով քոյր Մարիա Ալֆոնսինա Տանիլ Ղաթթասին մասին ըսաւ. թէ Ան լաւ ըմբռնեց ինչ կը նշանակէ ճառագայթել Աստուծոյ սէրը առաքելութեամբ, դառնալով օրինակ հեզութեան ու միութեան։ Ան  մեզի կ'ընծայէ բացայայտ օրինակ մը թէ որքա՜ն կարեւոր է մէկը միւսին օգտակար դառնալ, որքան կարեւոր է  մէկը միւսին ծառայել։

Յայտնենք թէ 18 Մայիսի  յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապը Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Իտալացի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի անդամներուն հետ, որոնք այնտեղ համախմբուած են, իրենց տարեկան լիանիստ ժողովին առթիւ որուն հիմնական նիւթն է ''Քննարկում ''Աւետարանի ուրախութիւն'' առաքելական յորդորակի ընկալումի մասին''։

Լիանիստ ժողովի ընթացքին եպիսկոպոսները պիտի ընտրեն նաեւ հիւսիսային շրջանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի փոխ նախագահը ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ԺԴ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ներկայացուցիչները։  








All the contents on this site are copyrighted ©.