2015-05-18 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Կարմեղեան եւ Սուրբ վարդարանի միաբանութիւններու կրօնաւորուհիներուն հետ


Երկուշաբթի, 18 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Վատիկանի Քլէմէնթինա սրահին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Միջին Արեւլքէն եւ Բեթղեհէմ քաղաքէն ժամանած Քարմելիթան  եւ Սուրբ Վարդարանի  միաբանութիւններու անդամ մայրապետներուն,  որոնք կիրակի 17 մայիսին մասնակցած էին Պաղեստինցի Սուրբերու սրբադասման արարողութեան։

Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը անպատրաստից ճառ մը ուղղեց ուխտաւոր կրօնաւորուհինեուն որուն մէջ  յայտնեց իր ուրախութիւնը անոնց կատարած այցելութեան երկու պաղստինցի սրբուհիներու սրբադասման արարողութեան առթիւ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կատակով յայտնեց թէ Պաղեստինի Պետութեան նախագահի իրեն փոխանցած այն լուրը, թէ Յորդանանէն  դէպի Հռոմ թռիչք կատարած  օդանաւին մէջ կային անթիւ մայրապետներ։ ''Խեղճ օդաչու'' յարեցւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ներկաներուն յայնձնեց առաքելութիւնը մը ''աղօթել նոր հռչակուած Սրբուհիներուն՝ իրենց երկրին խաղաղութեան համար, որպէսզի վերջ գտնէ այդ անծայրածիր պատերազմը։ ''Աղօթեցէք նաեւ  հալածուած քրիստոնեաներուն համար որոնք վտարուած են իրենց տուներէն,  իրենց հողերէն եւ ''ճերմակ ձեռնոցներով'' ծածկուած եւ գործադրուած ահաբեկչութեան համար –ըսաւ Քահանաղփպետը ու ներկաները հրաւիրեց իր հետ միասին աղօթելու, ամէն մին իր լեզուով, ''Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը''։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.