2015-05-18 11:35:00

Կարդինալ Օտիլօ Շերէր նախագահեց Մեծ Եղեռնի նուիրուած Սուրբ Պատարագի զոհը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 8 մայիս 2015-ին, Պրազիլի Սան Փաոլոյի մէջ, քաղաքի առաջնորդ` Կարդինալ Օտիլօ Շերէր, նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը նուիրուած հայ ազգի` Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան հայ  յարանուանութիւններու` Կաթողիկէ, լուսաւորչական եւ երկու բողոքական եկեղեցիներու,  ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալները։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանը։ 

Այս առթիւ կարդինալը նամակ մը յղած էր հայ ընտանիքներուն հրաւիրելով զանոնք մասնակցելու այս կարեւոր նախաձեռնութեան։ Ան  հրաւէր ուղղած էր նաեւ երկրին ու քաղաքին պատկան իշխանականութիւններուն։

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով որուն սկիզբը կը ծածանէին Հայկական եւ Պրազիլեան դրօշները։ Սրբազան արարողութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ երգչախումբը կատարեց պատարագի երգեցութիւններ`Սուրբ Սուրբ, Քրիստոս ի մէջ, Հայր մեր  եւ Տէր ողորմեան։  

Արարողութեան աւարտին խօսք առին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդը` Արհ Նարեկ եպիսկ. Պերպերեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Տիար Աշոտ Կալոյեան։

Խօսք առաւ նաեւ Արհ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց վսեմաշուք կարդինալին, անոր` Հայերուն նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան ու սիրոյն։

Յայտնենք թէ սրբազան արարողութեան ընթացքին խորանին վրայ զետեղուած էին  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի` Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետին սրբանկարը ու Մարտինի արքեպիսկոպոս երանելի Ինքնատիոս Մալոյեանի սրբանկարը։

Արարողութիւնը ուղղակի եթերով սփռուեցաւ Պրազիլի կաթողիկէ երկու հեռուստակայաններու միջոցաւ։

Նշենք թէ Սան Փաոլոյի մէջ կը գործեն Սուրբ Գևորգ (առաքելական), Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ (կաթողիկէ) և աւետարանական եկեղեցիներ։ Կան  «Արարատ» անունով կոչուած հրապարակ, ''մետրոյի'' կայարան և կամուրջներէն մէկը։ «Արմենիա» հրապարակի վրայ զետեղուած է Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողը։1964 թուականէն սկսեալ Սան Փաոլոյի համալսարանի մէջ կը գործէ հայագիտական ամպիոն, իսկ քաղաքի ռատիոկայանը կը հեռարձակէ նաև հայերէն լեզուով հաղորդումներ, հայկական երգ ու երաշտութիւն։

Ներկայիս Պրազիլի մէջ կը  բնակի աւելի քան  40 հազար հայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.