2015-05-18 12:11:00

Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի ի պատիւ յոբելինական հանդիսութիւն


Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիանի հրաւէրով, յառաջիկայ 24 մայիսի՝ հոգեգալստեան կիրակին, Գատըգիւղի «Սուրբ Լեւոն» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի կ՝ունենայ  յոբելինական հանդիսութիւն ի պատիւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վաստակաւոր Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի որպէս յարգանքի եւ երախտեաց տուրք

Պոլսոյ Թեմին մատուցած եօթը տասնեակ տարիներու քահանայական

եւ գրեթէ կիսադարեան արքեպիսկոպոսական ծառայութեան:

Կիրակի, առաւօտեան ժամը 11.-ին, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագը կը մատուցանէ Պոլսոյ թեմի վիճակաւոր Արհիապատիւ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեան, որուն կը յաջորդէ սիրոյ սեղան եւ Յոբելեարի մեծարանք

 Այս առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը ը շնորհաւորգիր ուղղած է արհիապատիւ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի ի պատիւ կատարուելիք յոբելինական հանդէսին:  

որուն մէջ հոգեւոր Տէրը գրած է.

«Սիրեցեալ եղբայր Մեր ի Քրիստոս

Անհուն ուրախութիւն պատճառեց Մեզի  «ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆՔ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ - 2015» գեղատիպ հատորը զոր ստացանք եւ սկսանք հետաքրքրութեամբ աչքէ անցընել։ Մեր ուրախութեան պատճառը կրկնակի էր։ Առաջինը՝ այն իրողութիւնն է որ այս հատորը, որ կը հանդիսանայ  1998-ին սկսուած՝ ընդհանրապէս Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին պատմական փաստագրութիւններ ամփոփող շարքին վեցերորդը, վկայութիւնն է Ձեր մտքի պայծառութեան, առողջ դատողութեան եւ ժրաջանութեան եւ այս բոլորը՝ հակառակ Ձեր յառաջացած տարիքի անդրադարձներուն ձեր ֆիզիքականին վրայ։  Ծանօթ ըլլալով Ձեր հոգեւորականութեան եւ ջերմեռանդութեան, վստահ ենք որ Ամենակալ Տէրը անարձագանգ չէ ձգած եւ չի ձգեր Ձեր աղօթքը։
Մեր ուրախութեան երկրորդ պատճառը՝ Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան հայող դէպքերն ու դէմքերը մոռացութենէն փրկելու Ձեր նախանձախնդրութիւնն է, որուն փաստը Ձեր հրատարակած հատորներն են։ 
Անկախ Մեզի ուրախութիւն պատճառող այս իրողութիւններէն,  վստահ ենք նաեւ որ Ձեր այս աշխատանքը կարեւոր ներդրում մըն է պոլսահայութեան պատմագրութեան համար եւ արժէքաւոր յղում մը պատմագիրներուն համար։
Մեր ուրախութեան, շնորհակալութեան, շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք, սիրեցեալ եղբայր ի Քրիստոս, Մեր աղօթքը առ Աստուած եւ կը հայցենք սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին ու երանելի Մալոյեանին բարեխօսութիւնը,  որպէսզի Ձեզի շնորհէ Ձեր հոգեւոր, մտաւոր եւ պատմագրական  վաստակը առաւել եւս հարստացնելու հնարաւորութիւնը՝ արեւշատութեամբ։

Եղբայրական սիրով ի Քրիստոս՝
+ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  








All the contents on this site are copyrighted ©.