2015-05-17 09:38:00

ֆրանչիսկոս Պապը չորս նոր սուրբեր հռչակեց։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 Մայիսի առաւօտեան ժամը 10-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած Սուրբ եւ Անմահ պատարագով, խորաններու պատուոյն բարձրացուց չորս կրօնաւորուհիներ` ֆրանսացի Jeanne Emilie de Villeneuve (1811-1854), երկու պաղեստինցիներ` Mariam Bawardi (1846-1878)  եւ  Marie-Alphonsine Ghattas (1843-1927) եւ մէկ իտալացի` Maria Cristina  (1856-1906) ։

Սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Պաղեստինի նախագահը տիար  Մահմուտ Ապպասը ու ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար` Պերնարտ Քազէնէօվ, ինչպէս նաեւ այլ պետական իշխանութիւններ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ։

Սրբադասման արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Սուրբ գրային ընթերցումներուն ըսաւ.

''Առաքեալներու գործերը մեզի կը ներկայացնեն նորածին Եկեղեցին, այն ժամանակ երբ ան կ՛ընտրէ  անձը զոր Աստուած կոչեց Յուդայի տեղը առնելու առաքեալներու դասին մէջ։ Ատիկա պաշտօն մը ստանձնել չի նշանակեր այլ լոկ ծառայութիւն։ Արդարեւ երբ վիճակը ինկաւ Մատաթիայի վրայ, Պետրոսը ըսաւ. ''Մատաթիա առաքելութեան պաշտօն մը ընդունեցաւ, ''մեզի հետ'' վկայելու Քրիստոսի Յարութիւնը''։ Այս խօսքերով  Պետրոսը կը սահմանէ թէ ի՞նչ կը նշանակէ մաս կազմել Տասներկուքին` կը նշանակէ ըլլալ Յիսուսի Յարութեան վկաներ։ ։ 

''Մեզի հետ'' ըսելով կը հասկցնէ որ Քրիստոսը աւետելու առաքելութիւնը անհատական պարտականութիւն մը չէ, այլ հաւաքական` առաքելական դասին ու հասարակութեան հետ։

Շնորհիւ առաքեալներու հեղինակաւոր վկայութեան, շատերը հաւատացին։ Յարուցեալ Քրիստոսի հաւատքէն է որ ծնունդ առին ու կը շարունակեն ծնունդ առնել քրիստոնեայ հասարակութիւնները։

Մեր հաւատքը սերտօրէն առընչուած է անոնց վկայութեան նման անդուլ շղթայի մը դարերու հոլովոյթին, ոչ միայն առաքեալներու յաջորդներու միջոցաւ այլ եւ քրիստոնեաներու միջոցաւ սերունդէ` սերունդ ։ Արդարեւ Առաքեալներու նմանութեամբ, Քրիստոսի ամէն մէկ աշակերտը կանչուած է ըլլալու Քրիստոսի յարութեան վկան եւ յատկապէս մարդկային այն միջավայրերու մէջ, ուր Աստուած մոռցուած է։

Որպէսզի այս իրականացուի հարկաւոր է մնալ յարուցեալ Քրիստոսի մէջ ու Անոր սիրոյ մէջ։ Այս է սուրբերու գաղտնիքը` մնալ Քրիստոսի մէջ, Անոր միացած որպէս որթատունկի ուռեր, որպէսզի առատ պտուղներ տան (Յովհ 15, 1-8) ու այս պտուղը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ սէրը։

Սէրը որ պայծառացաւ քոյր Giovanna Emilia de Villeneuve-ի կեանքի վկայութեամբ։ Ան իր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ, աղքատներուն, հիւանդներուն, բանտարկելներուն, չարաշահուածներուն, ասոնց բոլորին աչքին  դարձաւ Տիրոջ բազումողորմ սիրոյ նշանը։

Քոյր Maria Cristina Brando հակառակ կեանքի խոչընդոտներուն ու անհասկացողութեան կարողացաւ հաւատարիմ մնալ Աւետարանի խօսքին` ''մնացէք իմ սիրոյս մէջ ''։ Շնորհիւ Յիսուսի հանդէպ ունեցած սիրոյն ու աղօթքին կարողացաւ տանիլ տառապանքը ու ինքզինք տալ որպէս ''բեկանուած հաց'' Աստուծմէ հեռացած ու սէրէն սոված շատ մը մարդոց։

Համեստ եւ անգրագէտ Քոյր Maria Baouardy իր կարգին վսեմօրէն փորձարկեց Աստուծոյ սէրը եւ կարողացաւ, շնորհիւ Ս. Հոգւոյ հետ հաստատած մշտատեւ երկխօսութեան, խորհուրդ ու աստուածաբանական բացատրութիւններ ընծայել։ Հեզ մնալով Ս. Հոգւոյ ձայնին ան դարձաւ հանդիպումի ու հաղորդութեան միջոց մը իսլամ աշխարհին հետ։

Նոյնպէս եւ քոյր Maria Alfonsina Danil Ghattas լաւ ըմբռնեց ինչ կը նշանակէ ճառագայթել Աստուծոյ սէրը առաքելութեամբ, դառնալով օրինակ հեզութեան ու միութեան։ Ան  մեզի կ'ընծայէ բացայայտ օրինակ մը թէ որքա՜ն կարեւոր է մէկը միւսին օգտակար դառնալ, որքան կարեւոր է  մէկը միւսին ծառայել։

Աստուծոյ հետ ու անոր սիրոյն մէջ մնալ,  աւետելու Յարուցեալ Քրիստոսը թէ խօսքով եւ թէ կեանքի օրինակով ու վկայելով մեր միջեւ միութիւնը եւ ուրիշներու հանդէպ եղբայր օգնութիւնը։ Այս կատարեցին չորս սրբուհիները, որ այսօր Եկեղեցին սուրբ հռչակեց։

Անոնց լուսաւոր օրինակը կը հրաւիրէ մեզ քրիստոնէաբար ապրելու ու մենք մեզի հարցադրելու թէ ո՞րքանով Յարուցեալ Քրիստոսի վկայ եմ։ Ո՞րքանով անոր սիրոյն մէջ բնակութիւն հաստատած եմ։ Միթ՞է կարող եմ ընտանիքի, աշխատավայրի, հասարակութեան մէջ ցանել միութեան սերմը որ Յիսուս մեզի տուաւ։ Այս հարցումները ուղղելով Սրբազան Հայրը եզրափակեց  իր քարոզը ըսելով  ''Տուն վերադառնալով, մեզի հետ տանինք ուրախութիւնը` Յարուցեալ Քրիստոսի հետ հանդիպումին, մեր սրտերուն մէջ մշակենք յանձնառումը` բնակելու Աստուծոյ սիրոյ մէջ, միացած մնալով Անոր հետ ու իրարու հետ ու քալելով նոր սրբուհիներու հետքերուն վրայ, տիպարները սրբութեան որուն օրինակին Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ հետեւիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.