2015-05-16 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Հռոմի թեմի կրօնաւորներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 16 Մայիս 2015-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն, Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, ապա ընդունեց Պաղեստինի նախագահ` Տիար Մահմուտ Ապպասը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը հուսկ առաքելական նուիրակներ` գերապայծար Ալպերթ Պոթթարի Տէ Քասթելլոն` եւ գերապայծառ Նիքոլա Ճիրասոլի։

Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Տօկ, Ժան Պաբթիսթ Տէ Ֆրանսու` Վատիկանի դրամատան նախագահ որմէ ետք Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Հռոմի թեմի կրօնաւորներուն։

Հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ Անձինք Նուիրեալներու տարւոյն առթիւ, սկիզբ առաւ ժամը 11-ին եւ բաժնուած էր երկու մասերու։ Առաջինը` տօնակատարութիւն  մը երգերով, աղօթքով ու կեանքի վկայութիւններով։ Իսկ երկրորդը` ժամը 12-ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ ու անոր ներկայացուցած խորհրդածութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետին արտասանած խօսքէն առաջ Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` կարդինալ Վալլինին ողջոյնի ուղերձ մը յղեց որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց Հռոմ ապրող չորս նուիրեալ անձերու իրեն ուղղուած չորս հարցումներուն` քոյր Ֆուլվիա Սիենի` փակեալ վանականուհի, քոյր Իվոնա Լանկա պատասխանատու (տուն ընտանիք) աղջիկ մայրերու, հայր Կաէթանօ Սարաչինօ ` ժողովրդապետ  Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ ու հայր Կաէթանօ Կրէքօ մատրանապետը` ''Casal del Marmo'' անչափահասներու  բանտին ։

Յայտնենք որ Հռոմի մէջ կան 28 վանատուներ։ Կը գործեն շուրջ 25 հազար նուիրեալ անձինք, որոնք իրենց  առաքելութիւնը կը կատարեն բանտարկեալներու մօտ, լքուած մանուկներու, աղջիկ մայրերու, գաղթականներու մօտ եւ կաթողիկէ դպրոցներու մէջ ինչպէս նաեւ  հիւանդանոցներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.