2015-05-16 13:09:00

Հաղորդագրութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Մահմուտ Ապպասին տուած ունկնդրութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրեց թէ այսօր` 16 Մայիս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական Պալատին մէջ ընդունեց Պաղեստինի Պետութեան նախագահ` Տիար Մահմուտ Ապպասը որ ապա հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Նախագահ Ապպաս իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, կիրակի` 17 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցող սրբադասման արարողութեան, որուն համար նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, մեծ գոհունակութիւն յայտնուեցաւ վերջերս ձեռք բերուած երկու պետութիւններու միջեւ յառաջիկային ստորագրուելիք համաձայնագրին, հայող կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան պաղեստինի մէջ։

Խօսուեցաւ ապա Իսրայէլի խաղաղութեան ընթացքի մասին յոյս յայտնելով որ կարելի ըլլայ վերսկսիլ կողմերու միջեւ բանակցութիւնները, արդար ու մնայուն լուծում գտնելու հակամարտութեան։

Այս առընչութեամբ, մաղթանք յայտնուեցաւ որ, միջազգային հասարակութեան նեցուկով, Իսրայէլացիներն ու պաղեստինցիներ վճռակամ ու քաջ որոշումներ առնեն ի սպաս խաղաղութեան։ Ի վերջոյ, ի տես Միջին Արեւելքի մէջ գոյատեւող  հակամարտութիւններուն, վերահաստատելով անհրաժեշտութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ընդգծուեցաւ միջ կրօնական երկխօսութեան հարկաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.