2015-05-16 09:26:00

Եղբայր Լուճի Քապուրլոթթի երանացման արարողութինը


Շաբաթ, 16 մայիս, առաւօտեան ժամը 10.30ին, Վենետիկի Սուրբ Մարկոս հրապարակին վրայ , երանացման արարողութիւնը կը կատարուի եղբայր Լուիճի Քապուրլոթթոյի ։

Երանացման արարողութեան կը նախագահէ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Անճէլօ Ամաթոն։

Երանելի Լուիճի Քապուրլոթթօ, ծնած է վենտիկ, 7 յունիս 1817-ին, ''կոնտոլնէրով'' աշխատող համեստ ընտանիքի յարկին տակ։

Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, մտած է դպրեվանք, ապա 24 սեպտեմբեր 1842-ին, ձեռնադրուած է քահանայ։

Հայր Լուիճի, 26 տարեկանին, պաշտօնավարած է  փոխ ժողովրդապետի պաշտօնը ընկերային աղքատ միջավայրի մէջ յատկապէս խնամք տանելով երիտասարդներուն։

30 ապրիլ 1850-ին, պատերազմի շրջանին, հիմնած է  աղքատ մանուկ աղջնակներու համար ՝՝Սուրբ Յովսէփի զաւակներ՝՝  միաբանութիւնը, որուն  երկար տարիներ, անձնուիրութեամբ՝ ծառայած է։

Հայր Լուիճիի առաքելական  կեանքի համոզումներ մին եղած է` ''աղքատ երիտասարդներուն  ուսանելու  հնարաւորութիւն ընծայելը՝բարեսիրական գործ մը չէ, այլ՝ նպաստ անոնց կեանքի ծրագիրներու իրականացման''։  Ան յաճախ անդադար կրկնած է երբեք՝  չփակել դուռը՝ ոչ մէկուն դիմաց ։

Տեղւոյն թեմի եպիսկոպոսի համագործակցութեամբ, եղբայր Լուիճի նպաստած է պետական դպրոցներուն մէջ  դաստիարակչական մարզի զարգացումին։

Ով որ կ՝ապրի Աստուծոյ ներկայութիւնը, կը սորվի զգալ եւ գործել՝ Աստուծոյ Սիրտին համաձայն։ Մենակ մարդը, շատ տկար է. բայց, երբ ան իր հետ կրէ Աստուծոյ Սէրը, երբեք պէտք չէ վախենայ – ըսած է Եղբայր Լուիճի։

Ան իր մահկանացուն կնքած է  9 յուլիս 1897ին, իր շրթներուն վրայ կրելով Տիրամօր անունը։ 1994 թուականին, եղբայր Լուիճի հռչակուած է երանաշնորհ, անոր հիմնած ՝՝Սուրբ Յովսէփի զաւակներ՝՝  միաբանութիւնը ներկայ է նաեւ Պրազիլի, Փիլիպպինեան կղզեխումբի եւ Քենիոյ մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.